image

Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանը կը պատրաստուի վերամուտի.Մեծ յաջողութեամբ կայացած է «Բաց դռներ»ու օրը

Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանը  կը պատրաստուի  վերամուտի.Մեծ  յաջողութեամբ կայացած է «Բաց   դռներ»ու օրը

Յառաջիկայ 1 հոկտեմբերին առաջին անգամ ըլլալով իր դռները բացող Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանին մէջ կայացած է «Բաց  դռներ»ու օրը։

Այս մասին «Արեւելք»ին յայտնեցին վարժարանի տնօրէնութեան մօտիկ կանգնած  աղբիւրները։

Նշենք, որ «Բաց դռներ»ու հիմնական նպատակն է առիթ տալ բոլոր ծնողներուն մօտէն ծանօթանալ դպրոցի բաժանումներուն, դասարաններու, ինչպէս նաեւ մօտէն առնչուիլ դպրոցէն ներս կիրարուելիք  ուսումնական ծրագրին։

Մեր տուեալներով երէկ տեղի ունեցած «Բաց դռներ»ուն դպրոց այցելած են մեծ թիւով ծնողներ, որոնք արդէն իսկ Մխիթարեան վարժարանին մէջ արձանագրած են իրենց զաւակները։

Ծնողները շրջած են դպրոցի շէնքի տարբեր բաժանմունքներուն մէջ, մտած են դասարաններ եւ մօտէն ծանօթացած վարժարանի ուսուցչական կազմին, ինչպէս նաեւ պաշտօնէութեան։

Վարժարանի տնօրէնուհի տիկ. Ռիթա Պոյաճեան ամբողջ օրուան ընթացքին ներկայ գտնուած է վարժարանէն ներս պատրաստ լսելու ծնողներու տեսակէտները, ինչպէս նաեւ պահանջեալ հարկին յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելու դպրոց փութացած ծնողներուն։