image

Վերջին ժամ. Հրթիռներ Լաթաքիոյ եւ Թարթուսի ուղղութեամբ.Սուրիական ուժերը կը պատասխանեն

Վերջին  ժամ. Հրթիռներ Լաթաքիոյ եւ Թարթուսի   ուղղութեամբ.Սուրիական ուժերը    կը  պատասխանեն

Քիչ  առաջ  հրթիռարձակումներ   եղած են  Սուրիոյ Լաթաքիա  քաղաքին ուղղութեամբ։

Այս  մասին  լուրը    փոխանցած է  «Սանա»  գործակալութիւնը,  յայտնելով նաեւ, որ Սուրիոյ   բանակի  հակօդային   համակարգերը   յաջողած են    վար   առնել տասնեակ  հրթիռներ։ 

Ըստ նախնական  տուեալներու,  հրթիռները  ինկած  են  Լաթաքիոյ  «Արդիա  արհեստագիտութեան  հիմնարկ»ի ուղղութեամբ։  

Կարգ մը աղբիւրներ  կը յայտնեն, որ թիրախ   դարձած է    Հըմամին շրջանին մէջ     գտնուող  ռուսական  ուժերու  օդային խարիսխը։

Ըստ լիբանանեան  «Էլ  Նաշրա»  կայքին, հրթիռարձակումներուն  աղբիւրը    ցարդ  կարելի չէ եղած    ճշդել,   եւ նման   գրոհներ   եղած են նաեւ Թարթուս  քաղաքին մէջ։