image

Շահէ Մինասեան ընտրուած է Հալէպի նահանգային խորհուրդի անդամ

Շահէ Մինասեան   ընտրուած է    Հալէպի   նահանգային խորհուրդի անդամ

Շահէ Մինասեան    ընտրուած է  Հալէպի նահանգային խորհուրդի  անդամ։

 Այս  մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպէն։

 

 Նախնական  տուեալներով  Պաաս  կուսակցութեան  ցուցակներէն ընտրութեան մասնակցած  Շահէ Մինասեան   ցարդ միակ հայ թեկնածուն է, որ    յաջողած է         այս ընտրութիւններուն։

 

 Նշենք, որ Շահէ  Մինասեան     ատենապետն   «Նոր Սերունդ»  մշակութային   միութեան։  Ան վարած է պատասխանատու         բազմաթիւ  պաշտօններ եւ աշխուժ  մասնակցութիւն բերած      «Սուրիոյ վերականգնումի եւ շտապ օգնութեան» Հալէպի մարմնի    աշխատանքներուն։

Ինչպէս   աւելի  վաղ  հաղորդած  էին,    Հալէպի ՏԻՄ ընտրութիւններուն  իրենց  մասնակցութիւնը   բերած  են  6    հայ  թեկնածուներ,  որոնց  երկուքը կը վայելէին Բերիոյ Թեմի     աջակցութիւնն  ու նեցուկը։

 

 

 Հալէպի  ՏԻՄ ընտրութիւններու   վերջնական  արդիւնքներուն  պիտի անդրադառնանք  աւելի ուշ։