image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի մէջ նոր տագնապ. Սիպիրախտով վարակուած կովերու ներածում կրնայ տեղի ունենալ

Լիբանանի մէջ նոր տագնապ. Սիպիրախտով վարակուած կովերու ներածում կրնայ տեղի ունենալ

Լիբանանի Առողջապահութեան նախարար Ղազի Զհէյթար վստահեցուցած է, թէ սիպիրախտով վարակուած կովերով բեռցուած նաւը Լիբանան պիտի չմտնէ, այլ հասնելով Պէյրութ, նաւահանգիստէն դուրս տեղի պիտի ունենայ անձնակազմի փոփոխում եւ պիտի շարունակէ իր ճամբան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:

Նշենք, որ համացանցի էջերուն տարածուած լուրերուն համաձայն, «Ռահմէ» անունը կրող նաւը հեռացած էր Կ. Պոլսոյ նաւահանգիստէն այն բանէն ետք, երբ արգիլած էին սիպիրախտով վարակուած կովերու բեռը նաւահանգիստ իջեցնել: Նաւը ուղեւորուած էր Պէյրութ, լիբանանցի ժողովուրդին մօտ սարսափի ալիք առաջացնելով:

Լիբանանի մաքսային ծառայութեան գլխաւոր տնօրէն Պատրի Տահէրի հաւաստմամբ, կովերով բեռցուած որեւէ նաւ Կ. Պոլիսէն Պէյրութի նաւահանգիստ չէ ուղեւորուած, իսկ եթէ անգամ նման բան նկատուի, մաքսային ծառայութեան աշխատակիցները 12 հեռաւորութեան վրայ կը հասնին անոնց ու համապատասխան միջոցներ կը ձեռնարկեն: