Լիբանանի Ժունիէ քաղաքի քաղաքապետարանի ենթակայ ոստիկանութիւնը շրջելով քաղաքին մէջ սուրիացիներու պատկանող խանութները, 15 օրուան պայմանաժամ տրամադրած է այդ խանութներու տէրերուն, պահանջելով փակել զանոնք, այլապէս սպառնալով օրէնքի ուժով փակել տալ:
«Ֆինիքիա» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Ժիւնիէի քաղաքապետարանը նախապէս հրապարակած էր քաղաքի տարածքին գտնուող աւելի քան 100 խանութներու եւ անոնց սուրիացի տէրերուն անունները, պահանջելով փակել զանոնք, սակայն նկատելով, որ ոչինչ փոխուեցաւ, որոշած է աւելի գործնական քայլերու դիմել: