image
Հրատապ լուրեր:

«Մեր գլխաւոր նապատակը Հալէպի միասնականութեան պահպանութիւնն է». Կարօ Շուշանեան

«Մեր գլխաւոր նապատակը Հալէպի միասնականութեան պահպանութիւնն է». Կարօ Շուշանեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Հալէպի նահանգային  խորհուրդի  թեկնածու, ՌԱԿ անդամ Տիար Կարօ Շուշանեանը:


-Պրն.  Շուշանեան , ի՞նչ նպատակներով ձեր թեկնածութիւնը դրիք կիրակի օր նախատեսուած ընտրութիւններուն:

Իմ թեկնածութիւնս դնելով Հալէպի նահանգային խորհուրդի ընտրութիւններուն, նպատակս է ծառայել մեր ժողովուրդին եւ վերականգնել մեր սուրիական հայրենիքը:


-Ի՞նչ է Հալէպի նահանգային խորհուրդին գլխաւոր պարտականութիւնները:

Խորհուրդի գլխաւոր պարտականութիւններն են՝ ժողովուրդին պահանջները փոխանցել պատասխանատուներուն եւ հսկել  համապատասխան մարիններու տարբեր գործունէութիւնները։


-Եթէ Կիրկաի օր բարեյաջող անցնի եւ դուք դառնաք լիիրաւ անդամ այդ խորհուրդին, ի՞նչ առաջարկներով հանդէս պիտի գաք, ի՞նչ դեր վստահուած է ձեզի եւ ի՞նչ առաջարկներ պիտի կատարէք այս խորհուրդին մէջ:

Եթէ ընտրութիւնները բարեյաջող աւարտ ունենան եւ ես խորհուրդի անդամ ընտրուիմ, հիմնական աշխատանքս պիտի ըլլայ ժողովուրդին կենցաղային վիճակը բարելաւելու միտուած առաջարկներ բերել եւ  զանոնք իրականացնել:

 

-Խորհուրդը որեւէ կապ ունի՞ Հալէպի ժողովուրդի անմիջական կարիքներուն հետ, եթէ այո, ի՞նչ են այդ ոլորտները, այսինքն առօրեաական խնդիրներ՝ ջուր, ելեկտրականութիւն, անվտանգութիւն եւայլն, այս առումով կը կարծէ՞ք որ խորհուրդին մէջ այսպիսի հարցեր պիտի քննարկուին:

Անշուշտ, խորհուրդը կապ ունի ժողովուրդի առօրեային հետ եւ ժողովուրդի բոլոր մտահոգութիւնները պիտի քննարկուին այս խորհուրդին կողմէն  ու գտնեն իրենց յարմարագոյն լուծումները:


-Յաճախ կը խօսուի որ Հալէպի մէջ հայութիւնը միասնակամ է, բայց յատկապէս այս ընտրութիւնները ցոյց տուին, որ հայութիւնը միասնական ճիգով մը պիտի չներկայանայ այս ընտրութիւններուն, կան անկախ ներկայացուցիչներ եւ կան նաեւ Բերիոյ թեմի կողմէ առաջադրուած ներկայացուցիչներ, ի՞նչ կ'ըսէք այս առումով:

Միասնականութիւնը մեր գլխաւոր նպատակներէն մէկն է հալէպահայ գաղութին մէջ, ուզեցինք այս ընտրութիւններն ալ շարունակել նոյն ոգիով, ինչպէս սուրիական երեսփոխանական ընտրութիւնները, բայց ցաւօք սրտի այս համագործակցութիւնը խափանուեցաւ, խախտուելով նախընտրական խոստումները: