image

«Բոլորս միասին ոտքի պիտի հանենք յաղթական Հալէպը». Շահէ Մինասեան

«Բոլորս միասին ոտքի պիտի հանենք յաղթական Հալէպը». Շահէ  Մինասեան

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Հալէպի ՏԻՄ ընտրութիւններուն (նահանգային խորհուրդ) թեկնածու՝ Շահէ Մինասեանը

 

 

-Պրն. Մինասեան , ի՞նչ նպատակներով ձեր թեկնածութիւնը դրիք կիրակի օր նախատեսուած ընտրութիւններուն:

Սուրիոյ ութ տարուան պատերազմին հետեւանքով եղած ծանր քանդումէն ետք, երբ նախագահ Պաշշար Ասատ 14 յունիսին, ստորագրեց  թիւ 214   հրամանագիրը  եւ 16 սեպտեմբերը նշանակեց նահանգային եւ քաղաքայիան խորհուրդներու ընտրութեան օր, միեւնոյն ատեն ցոյց տալով աշխարհին, որ Սուրիոյ պատերազմը արդէն աւարտած է, սուրիական զօրքը յաղթանակով դուրս եկած է անկէ, եւ այժմ պէտք է սկսինք դարձեալ վերականգնել երկիրը:

Անշուշտ ես ալ, որպէս այս երկրի մէկ զաւակը եւ մանաւանդ Հալէպ   ապրող  անձ , ուզեցի իմ թեկնածութիւնս դնել նահանգային խորհուրդին, որպէսզի կարենամ աշխատանք տանիլ՝ վերականգնելու համար Հալէպ նահանգը, որը մեզի համար՝ որպէս հայ գաղութ, մեծ  արժէք  ունի։ Անշուշտ միեւնոյն ժամանակ ալ նպատակ ունենալով օգտակար դառնալ մեր ազգին, հալէպահայութեան:Ի  վերջոյ  բոլորս միասին,  ձեռք-ձեռքի տալով ոտքի  պիտի հանենք    պատերազմէն     յաղթական  դուրս   եկած        Հալէպը։

 

 

-Եթէ Կիրակի օր բարեյաջող անցնի եւ դուք դառնաք լիիրաւ մէկը  անդամը  այդ խորհուրդին, ի՞նչ առաջարկներով հանդէս պիտի գաք, ի՞նչ դեր վստահուած է ձեզի եւ ի՞նչ առաջարկներ պիտի կատարէք այս խորհուրդին մէջ:

Եթէ կիրակի օր ամէն բան բարեյաջող ընթանայ եւ ես դառնամ խորհուրդի անդամ, այնտեղ տարբեր աշխատանքներ իրականացնող յանձնախումբեր կան, որոնցմէ մէկուն մաս պիտի կազմենք, եւ ըստ այնմ յանձնախումբի աշխատանքի ոլորտին վստահաբար պիտի ներկայացնեմ իմ առաջարկներս: Ու այս առումով ալ ճիշդ կը համարեմ, որ մինչեւ չընտրուիլս առաջարկներուս եւ  ծրագիրներուս մասին հրապարակաւ չարտայայտուիմ։ Անշուշտ բոլոր ոլորտներուն զարգացման համար համապատասխան ծրագիրներ ունիմ եւ ընտրուելու պարագայիս, պիտի ջանամ այդ միտքերը առաջարկել եւ խորհուրդի ընկերներուս կողմէ ընդունելութեան արժանանալու պարագային, միասնաբար գործի անցնիլ:

 

 

-Յաճախ կը խօսուի որ Հալէպի մէջ հայութիւնը միասնակամ է, բայց յատկապէս այս ընտրութիւնները ցոյց տուին, որ հայութիւնը միասնական ճիգով մը պիտի չներկայանայ այս ընտրութիւններուն, այսինքն կան տարբեր թեկնածուներ, ինչպէս դուք իշխող Պաաս կուսակցութեան կողմէն ներկայացուցիչ էք, կան անկախ ներկայացուցիչներ եւ կան նաեւ Բերիոյ թեմի կողմէ առաջադրուած ներկայացուցիչներ, ի՞նչ կ'ըսէք այս առումով:

Ցաւօք սրտի, այսօր միասնականութեան ոգին կորսուած է։ Յուսանք, որ յառաջիկայ շրջանին այս իրավիճակը կը  սրբագրուի։ Անշուշտ ես կը փափաքէի, որ բոլոր թեկնածուները վայելէին Բերիոյ թեմի հովանաւորութիւնը, բայց  ցաւօք   այդպէս չեղաւ։

Կ'ուզեմ այս առիթը օգտագործել, շնորհակալութիւն յատնելու անցեալ շրջանին Հալէպի նահանգային խորհուրդի անդամ տիկին Հուրի Ապահունիին, որ միեւնոյն ժամանակ խորհուրդի գործադիր մարմնի անդամ էր։ Տիկին  Ապահունին իրապէս մեծ ճիգեր գործադրեց եւ անոր գործունէութիւն գնահատանքի արժանի  դարձած է, ոչ միայն  հայկական  շրջանակներուն,  այլ նաեւ տեղացիներուն կողմէ։  Յաջողելու պարագային ես եւս կը յուսամ, որ  կարողանամ իր նման օգտակար դառնալ մեր քաղաքի վերականգնման աշխատանքին: