image

«Մինչեւ այս պահը ամերիկացիք յստակ ծրագիր մը չունին Իտլիպի հարցին վերաբերեալ». Վերլուծաբան

«Մինչեւ այս պահը ամերիկացիք յստակ ծրագիր մը չունին Իտլիպի հարցին վերաբերեալ». Վերլուծաբան

Վերլուծաբան   Արմենակ  Թոքմաճեան   կը պատասխանէ «Արեւելք»ի  հարցերուն*

 

-Ի՞նչ է պատճառը, որ Իտլիպի խնդիրը այսքան ծանրակշիռ դարձաւ։ Ձեր  կարծիքով, ինչո՞ւ միջազգային հանրութեան եւ գերպետութիւններու ուշադրութիւնը այսքան Իտլիպի վրայ է, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս իրավիճակը:

Իտլիպի հարցը կարեոր է տարբեր պատճառերով, առաջինը, որ Իտլիպը այսօր  կը համարուի ընդդիմադիր ուժերու ամենակարեւոր կեդրոնը։ Երկրորդը, որ ընդդիմադիր ուժերու ձեռքը գտնուող ամենամարդաշատ շրջանն է:

Ռազմական տեսանկիւնէն եթէ նայինք, եթէ պետական զօրքերը եւ իրենց դաշնակիցները կրցան Իտլիպը եւ  անոր  յարակից տարածքները վերադարձնել՝ ռազմական մեծ յաղթանակ կ'ըլլայ իրենց համար, իսկ ընդդիմադիր ուժերուն համար՝ ռազմական մեծ պարտութիւն: Իսկ մարդասիրկան տեսանկիւնէն՝ եթէ Իտլիպի վրայ լայնածաւալ յարձակում ըլլայ, շատ արիւնալի պիտի ըլլայ։  Պարզ   այն պատճառով,  որ   այդ  շրջանը     մարդաշատ   շրջան է։ Եթէ    օրինակ մը տալով  համեմատութիւն կատարենք  2016  թուականի Արեւելեան Հալէպի   վիճակին  հետ, ապա   պիտի   նկատենք, որ այդ  ժամանակներուն  ընդդիմադիրներու  տիրապետութեան տակ եղած  այդ հատուածներուն մէջ ապրող բնակչութեան  թիւը 150-200 հազար  էր ,իսկ  այսօր Իտլիպի եւ յարակից տարածքներուն մէջ  կ՚ապրին  մօտաւորապէս 3 միլիոն  անձեր  ու բնականաբար այդ շրջանին մէջ լայնածաւալ ռազմական գործողութեան արդիւնքը շատ արիւնալի պիտի ըլլայ:

 

-Արաբական ծառայութիւններ, նոյնիսկ վերլուծաբաններ կ'ըսեն, որ Իտլիպի հարցը այս օրերուն Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ կը գտնուի, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանես դուն այս մօտեցումը:

Այո, համաձայն եմ, որ ադպէս է: Այսօր լայնածաւալ պատերազմ սկսելու որոշումը ռուսերուն ձեռքն է, հետեւաբար ամենակարեւոր դերակատարը Իտլիպի հարցի մէջ ռուսերն են: Թուրքիոյ տեսանկիւնէն կարելի է ըսել, որ թուրքերը այսօր Իտլիպի մէջ միջազգային դերակատարներէն ամենաազդեցիկն են , բայց անոնք  յառաջիկայ ամիսներուն պիտի փորձեն իրենց  վնասները կարելիին չափ նուազագոյնի հասցընել։Այլ  խօսքով յստակ է, որ  այսօր Թուրքիոյ դիմաց լաւ տարբերակներ չկան, կան վատ եւ շատ աւելի վատ տարբերակներ: 

Վերջին ամիսներուն Թուրքիան կ'օգտագործէ Մոսկուայի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալու փաստը , որպէսզի ինչ որ միջանկեալ լուծումի  ճասնի եւ իր վնասները շատ մեծ չըլլան:


-Ի՞նչ շահեր ունի Թուրքիան Իտլիպի մէջ եւ իսլամիստներուն հետ բանակցութիւններ կատարելու Անգարայի ճիգը ի՞նչ արդիւնքի կրնայ յանգեցնել:

Իտլիպի  խնդրով թուրքերուն մտահոգող պատճառները շատ են։ Բնականաբար,կարեւոր պատճառներէն մէկը ան է, որ եթէ լայնածաւալ յարձակում ըլլայ Իտլիպի վրայ, մեծ թիւով մարդիկ, պիտի ուղղուին դէպի թրքական սահման: Երկրորդ տարբերակը այն է, որ անոնք փախչին դէպի Աֆրին, որ կը գտնուի Թուրքիոյ օժանդակութիւնը վայելող ընդդիմադիր ուժերուն   տիրապետութեան  տակ, որ նոյնպէս Թուրքիոյ  համար մեծ  խնդիր  է:

 

- Միացեալ Նահանգներ ձեռք բարձրացնելով  եւ ջղային  թոնով Սուրիոյ իշխանութիւններուն կտրականապէս ըսաւ, որ քիմիական զէնքի օգտագործումը շատ ծանր կրնայ ըլլալ իր համար, ի՞նչ կը կարծես, արդեօք Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուի հարուած մը տալ Աուրիոյ, մանաւանդ որ Իտլիպը այսօր կը համարուի վերջին կարեւոր շրջանը, որ կը գտնուի Սուրիոյ տիրապետութենէն դուրս  եւ անոր գրաւումով Ասատ կարեւոր նուաճում մը արձանագրած պիտի ըլլայ:

Այո՛, Ամերիկան եւ տարբեր եւրոպական երկիրներ նշեցին, որ իրենք քիմիական զէնքի կիրառման կտրականապէս դէմ են,յամենայնդէպս կարեւոր հանգամանքը այն է, որ ամերիկացիները դեռ յստակ ռազմավարութիւն մը չունին Իտլիպի հարցին վերաբերեալ: Հետեւաբար Իտլիպի հարցի վերաբերեալ ամերիկացիներու եւ եւրոպացիներու դերը քիչ մը երկրորդական է եւ հիմնականին մէջ ռուսները եւ թուրքերն են, որ Իտլիպի ապագան պիտի որոշեն:

 

 

*Արմենակ Թոքմաճեանը«Միջազգային Ճգնաժամային Խումբ»ի՝ Միջին Արեւելքի բաժնի մէջ վերլուծաբան է։ Ան միաժամանակ կը  վարէ «Ֆրեդրիխ Էպերտ Շտիֆտունգ»ի մէջ ունի կրտսեր գիտաշխատողի պաշտօն։