image

«Խանասէր» կամ «մահուան ճանապարհ». Զոհուած են 300 ուղեւորներ

«Խանասէր» կամ «մահուան ճանապարհ». Զոհուած են 300 ուղեւորներ

Սուրիոյ դատաբժշկական ծառայութեան գլխաւոր տնօրէն Զահէր Հաճճօ յայտնած է, որ 2018 թուականի սկիզբէն մինչեւ օրս, Հալէպէն դէպի այլ նահանգներ տանող Խանասէրի ճանապարհին տեղի ունեցած վթարներու հետեւանքով աւելի քան 300 անձ զոհուած եւ վիրաւորուած է:

«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին հետ զրոյցի ընթացքին Հաճճօ յայտնած է, որ վթարներու ենթարկուողներէն 55-ը կեանքէ հեռացած է, մինչդեռ 260 անձ վիրաւորուած է, սակայն նկատել տալով, որ նշուածներուն մէջ տուժած զինուորականները ներառուած չեն:
Նշենք, որ Խանասէրի ճանապարհը ներկայիս միակն է, որ կը կապէ Հալէպը այլ նահանգներու հետ: Հալէպի բնակիչները զայն կոչած են «Մահուան ճանապարհ»: