image
Հրատապ լուրեր:

Թրամբ պիտի թիրախաւորէ՞ ռուսական եւ իրանեան ռազմակէտեր

Թրամբ պիտի թիրախաւորէ՞ ռուսական եւ իրանեան ռազմակէտեր

«Wall Street Journal» թերթը, վկայակոչելով ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու յայտարարութիւնը, նշած է, թէ Թրամբ կը քննարկէ Ասատի դաշնակիցներ իրանեան եւ ռուսական ուժերը հարուածելու հարցը,  եթէ Ասատ որոշէ որեւէ քիմիական յարձակում իրականացնել:

Ամերիկացի պաշտօնեաներու հաւաստմամաբ, տակաւին պարզ չէ, թէ ինչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ Իտլիպի ահաբեկիչներուն դէմ Սուրիոյ կառավարական ուժերու կողմէ քիմիական զէնքի կիրառումը:
Պաշտօնեաներէն ոմանց կարծիքով, հաւանական է նաեւ, որ ռազմական գործողութիւններու փոխարէն Ուաշինկթըն տնտեսական պատժամիջոցներ սահմանէ սուրիացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու նկատմամբ: