image

Մխիթարեան (Ռաուտա) վարժարանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին մեծ թափով

Մխիթարեան (Ռաուտա)  վարժարանի  արձանագրութիւնները  կը շարունակուին մեծ  թափով

Պէյրութի  հայահոծ       Ռաուտա   շրջանի  Մխիթարեան   վարժարանի  արձանագրութիւնները  կը շարունակուին մեծ   ոգեւորութեամբ։

Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Պէյրութէն։

Կը նշուի  նաեւ, որ   տնօրէնութեան  յատուկ կարգադրութեամբ    այս   տարի    աշակերտներուն  դպրոց երթեւեկութիւնը  պիտի կատարուի  անվճար  կերպով։

 

   Նշենք, որ Մխիթարեան      միաբանութեան  անմիջական  նեցուկով  իր դռները առաջին անգամ  ըլլալով     բացող   վարժարանի  աշխատանքներուն մօտէն կը հետեւի Միաբանութեան Միջին Արեւելքի մեծաւոր գերյարգելի Հայր Մեսրոպ Վրդ. Սիւլահեան, իսկ տնօրէնութիւնը  ստանձնած է      Լիբանանի     հայկական կրթական  ոլորտին մէջ      կարեւոր փորձ ունեցող Տիկ.   Ռիթա  Պոյաճեանը։

 Վարժարանը  իր դռները պիտի բանայ յառաջիկայ    1 հոկտեմբերին։

 Վարժարանին հետ  կապ հաստատել փափաքողները  կրնան   օգտագործել ՝ 76/316042  հեռախօսահամարը։