image

Պէյրութ. Մեծ հրդեհի հետեւանքով ծանրօրէն վնասուած է Թէլվիզեաններու գործարանը (Լուսանկարներ)

Պէյրութ. Մեծ  հրդեհի հետեւանքով ծանրօրէն վնասուած է Թէլվիզեաններու գործարանը (Լուսանկարներ)

Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած հրդեհի հետեւանքով ծանր վնասներու ենթարկուած է լիբանանահայ Թէլվիզեաններուն պատկանող արդիւնաբերական գործարանը։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։

Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ Թէլվիզեան ընտանիքին պատկանող գործարանը կը գտնուի Պէյրութի մօտիկ արուարձաններէն «Ժիսր ալ պաշա» շրջանին մէջ եւ  յայտնի է «Ֆոթօ  թէլքօ» անունով։

 

MTV Կայանին փոխանցմամբ հրդեհը արդիւնք է կազ պարունակող եւ ճարտարարուեստի համար օգտագործուելու նախատեսուած երկու ամբարաններու մէջ, որուն հետեւանքով ալ գործարանի երկու աշխատաւորներ վիրաւորուած  ու փոխադրուած են հիւանդանոց։  

 Քանի մը ժամերու ընթացքին ԱԻՆի աշխատակցիներ յաջողած են մարել հրդեհը, բայց եւ այնպէս գործարանը կրած է մեծ  վնասներ։

 

Նշենք, որ հրդեհը եղած է 3 սեպտեմբերին։