image

Հալէպի օդակայանի բացումը «սարերու ետին» չէ. Յակոբ Նալպանտ

Հալէպի օդակայանի բացումը «սարերու ետին» չէ. Յակոբ Նալպանտ

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ հալէպահայ գրող, մտաւորական Յակոբ Նալպանտ.


-Ի՞նչ պատճառներով մինչեւ հիմա դէպի Հալէպ տանող միակ ճանապարհը Խանասէրի ճանապարհն է:

Խանասէրի ճամբան միակ ճանապարհն է, որովհետեւ միջազգային՝ Հալէպ-Իտլիպ- Համա ճանապարհը տակաւին փակ է, ահաբեկչական խումբերու գերիշխանութեան տակ կը գտնուի, հիմնական պատճառը այս է: Խանասէրը գիւղերու միջով անցնող այլընտրանքային ճանապարհ էր եւ անցնող  3-4 տարիներուն   այս ճամբան ծառայեց Հալէպ քաղաքին:


-Դժուար   ճանապարհ  մը ըլլալուն   պատճառով     Խանասէրի  ճանապարհին  մեծ  թիւով զոհեր,   նոյնիսկ հայ զոհեր եաղն, անոնցմէ վերջինը հալէպահայերու կողմէ սիրուած երիտասարդուհի Վանա Եագուպեանի կորուստն էր: Ձեր կարծիքով, ի՞նչն է այս մահացու արկածներուն գլխաւոր պատճառը, ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք փոխանցել մեր ընթերցողներուն:

Այո, ճիշդ էք, այս վերջին մէկ, մէկուկէս տարուան ընթացքին մօտաւորապէս 185 հոգի մահացած է, որոնց շարքին հայեր ալ կան: Կան նաեւ այդ ճանապարհին վրայ վիրաւորուած հայեր, որոնց մասին միշտ չէ որ կը լսենք, կրնամ ըսել, որ բաւական հայեր վիրաւորուեցան,փոքրիկներ, բժիշկներ, զինուորներ մահացան: Հիմնական պատճառը ճամբուն նեղ եւ անորակ ըլլալն է, հակառակ որ Հալէպի քաղաքապետարանը որոշ բարենորոգումներ կատարեց, ասֆալթապատեց եւայլն, բայց ճամբան անապատային եւ  անորակ է: Բացի որակէն, կան նաեւ այլ հանգամանքներ, օրինակի համար առաջ ճամբուն վրայ հսկողութիւն իրականացնող պետական զինուորական կէտեր կային, ինքնաշարժները չէին կրնար արագ քշել, անոր համար ալ այսքան մեծ թիւով արկածներ չէին պատահիր, հիմա չկան անոնք, երկրոդ պատճառը իմ կարծիքով վերջերս արձանագրուած տնտեսական որոշակի աճին հետ կապ ունի, Հալէպի մէջ արդիւնաբերութիւնը սկսած է զարգանալ, հետեւաբար  այդ ճամբով քաղաք մուտք-ելք ընող բեռնատարները շատցած են, նաւթատար օդոները շատցած են, տեղափոխումը շատցած է, նաեւ  պատերազմի օրերուն  համեմատած Հալէպի ժողովուրդի թիւը աճ գրանցած  է, հետեւաբար փոխադրամեքենաներու քանակը շատցած է, իսկ ճամբան նեղ է, ան որ ալ ճամբան լաւ չի գիտեր, դժբախտաբար   նման  արկածներու   առաջ  կը կանգնի:


-Այս ճանապարհին գլխաւոր այլընտրանքը ի՞նչ է, բացի այս ճանապարհէն, ի՞նչ ձեւով կրնայ ցանկացած ոք Հալէպէն ցամաքային ճանապարոհով դուրս գալ, ի՞նչ կրնաս ըսել այդ մասին:

Այլընտրանքային ճանապարհը պետութիւնը հիմա կը պատրաստէ արդէն, Հալէպ- Սըֆիրէ- Ապու Տհուր (Իտլիպի մէջ Ապու Տհուր օդակայանը կար որ ազատագրուեցաւ), ուրկէ անմիջապէս դէպի Համա կը միանայ, այսինքն Համա-Հոմս մայրուղին, որ միջազգային չափանիշերով ապահով, որակով  ասֆալթապատուած մայրուղի է, բաց կ'ըլլայ արդէն հալէպցիներուն համար եւ այդ ճամբան պիտի յատկացուի միայն  փոքր  ինքնաշարժներուն, իսկ բեռնատարները պիտի շարունակեն երթեւեկել Խանասր-Էսրիա ճանապարհով, որպէսզի նուազագոյնի իջնէ արկածներու թիւը:


-Վերջին շրջանին եղած կորուստներէն ետք քու կարծիքովդ արդեօք հալէպահայերը աւելի զգուշաւո՞ր են այս ճանապարհը օգտագործելու առումով, թէ՞ նոյն ձեւով կը շարունակուի, հետեւաբար նաեւ նոյնպէս մենք կը շարունակենք կորուստներ արձանագրել, այսինքն հիմա այս ալ ձեւով մը պատերազմ եղաւ, ի՞նչ կրնաս ըսել այդ մասին:

Շատ ճիշդ նկատած էք, ես իմ  օրինակովս  խօսիմ։ Օրինակ մենք անցեալ ամիս ծրագրած էինք մեր ինքնաշարժով, ընտանեօք Քեսապ երթալ, ծովափ իջնել, սակայն չեղեալ նկատեցինք, ընդհանրապէս չճամբորդեցինք, որովհետեւ ճանապարհը անտանելի վտանգաւոր է, րիսքի չդիմեցինք եւ կը կարծեմ ինծի պէս շատեր կան, մարդ պէտք է երկու անգամ մտածէ նախքան այդ ճամբան ելլելը, մանաւանդ եթէ անհրաժեշտ գործ մը չունի, որովհետեւ ճանապարհորդելու համար հանգիստ ճամբայ չէ, շատ վտանգաւոր ճանապարհ է:


-Շատ կը խօսուի Հալէպի օդակայանի բացումին մասին, սակայն տարբեր հանգամանքներով՝ մինչեւ օրս ոչ մէկ գործնական քայլ կայ, նոյնիսկ յոյս մը ըստ երեւոյթին չկայ, կ'ուզենք այդ հանգամանքներուն մասին խօսիլ, ձեր տեղեկութիւններով ե՞րբ կը վերաբացուի Հալէպի միջազգային օդակայանը:

Իմ  ունեցած  տուեալներով օդակայանը Հալէպի թէքնիքապէս լրիւ պատրաստ է իր աշխատանքը վերսկսելու համար, այսօր եթէ ապահովական հարցերը լուծուին, օդակայանը վաղն իսկ օդանաւեր կրնայ ընդունիլ, եւ արդէն հիմա ալ կ'ընդունի, բայց միայն՝ բեռնատար օդանաւեր: Իսկ ապահովական խնդիրն այն է, որ Հալէպի հարաւային մասը Զըրպէ  շրջանը  կայ, ուրկէ օդանաւերը կը սկսին բարձրութիւն կորսնցնել,  եւ այդ   շրջանին մէջ  ահաբեկիչները կան, որոնք կրնան հարուածել օդանաւերը։   Այդ պատճառով ալ տակաւին գործի  չէ դրուած օդակայանը, խուսափելու համար նոր կորուստներէ, իսկ երկրորդ վտանգը՝ Հալէպի հիւսիսային մուտքին թրքական աւազակախումբերը կան, Տահըր Ապու Ռապպօ շրջանը, Լերամունի մօտ, 14 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, ուրկէ կրատ տիպի   հրթիռներ կ՚արձակեն  ու կան  տեղեկութիւններ,    այդ  հարցն ալ կը  շուտով կը լուծուի։


-Արդեօք Սուրիոյ իշխանութիւնները, յատկապէս Հալէպի նահանգապետութիւնը, Հալէպ քաղաքը կառավարող մարմինները որեւէ ձեւով լուծում մը պիտի առաջարկե՞ն Խանասէրի վտանգաւոր ճանապարհին հարցը լուծելու համար:

Ինչպէս ըսի, Ապու Տհուրի ճամբուն այլընտրանքային ձեւը գտած են արդէն, կը պատեն, կ'ասֆալթապատեն այդ ճամբան որ մարդատար պզտիկ մեքենաները այդ ճանապարհով երթան, իսկ խանասէրով միայն փոխադրակառքերն ու բեռնատարները երթեւեկեն, բայց մենք յոյսով ենք, որ մինչեւ այս այլընտրանքային ճանապարհի պատրաստ ըլլալը, Իտլիպի կռիւները շուտով բանակցային ճանապարհներով կ'աւարտին, ազատագրուած կ'ըլլայ Հալէպ-Իտլիպ ճանապարհը եւ Հալէպ-Դամասկոս մայրուղին բնականոն կերպով երթեւեկելի կը դառնայ:

Եւ այս մայրուղիին միայն 100 քիլոմեթրն է, որ զինեալ խումբերու իշխանութեան տակ է՝ Հալէպ–Սարաղէպ- Մաարրէթ Նահման- Խան Շէյխուն ճանապարհը, իսկ Խան Շէյխունէն վերջ  արդէն մինչեւ Դամասկոս եւ մինչեւ Յորդանանի սահման  պետական զօրքերու գերիշխանութեան տակ է: