image

Թուրքիա. Քրտամէտ HDP կուսակցութիւնը կը զգուշացնէ սիպիրախտի տարածումէն

Թուրքիա. Քրտամէտ HDP կուսակցութիւնը կը զգուշացնէ սիպիրախտի տարածումէն

Թուրքիոյ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւնը զգուշացուցած է սիպիրախտի եւ այլ հիւանդութիւններու տարածման վտանգէն, եթէ կառավարութիւնը արգելքներ չսահմանէ վարակուած մսամթերքի ներմուծման նկատմամբ:

«Sky news» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, խորհրդարանի մէջ կուսակցութեան ներկայացուցիչ երեսփոխան Ալի Ճիկէրի պնդմամբ, Թուրքիոյ մէջ գրանցուած սիպիրախտի դէպքերու պատճառը վարակուած մսամթերքի ներմուծումն է, որուն նկատմամբ անհրաժեշտ է խիստ հսկողութիւն սահմանել:


Պատգամաւորը կոչ ուղարկած է սիպիրախտի վարակ փոխանցող կենդանիները վերադարձնել իրենց արտահանման երկիր:


Աղբիւրին համաձայն, Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ սիպիրախտի ախտանշաններ նկատուած են Անգարայի ագարակներէն մէկուն մէջ, ուր Պրազիլէն ներմուծուած 4000 կենդանիի մօտ յայտնաբերուած է հիւանդութիւնը: