image

Խանասէրի ճամբուն վրայ վիրաւորուած հայորդիներուն վիճակը կայուն

Խանասէրի  ճամբուն  վրայ վիրաւորուած    հայորդիներուն վիճակը կայուն

Կիրակի օր ծանր արկածի հետեւանքով վիրաւորուած հալէպահայ մեր հայրենակիցներուն վիճակը կը շարունակէ մնալ  կայուն։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն։

Մեր աղբիւրը նշեց, որ Մինաս ընտանիքի չորս անդամները՝ Մինաս (ընտանիքի  հայրը մասնագիտութեամբ՝ ատամնաբոյժ) Ալին (ընտանիքի մայրը ծնեալ՝ Տումիկեան), Կիրակոս (որդի) եւ Կալին (դուստր) անցնող ժամերուն  ենթարկուած են վիրաբուժական գործողութիւններու եւ ստացած են անհրաժեշտ  բուժումները։

Կը փոխանցուի նաեւ, որ յառաջիկայ օրերուն անոնք նոյնպէս կրնան յաւելեալ վիրաբուժական օգնութիւն ստանալ եւ անոնց վիճակը կ՚ընթանայ դէպի բարելաւում։

Նշենք, որ Մինասներու ընտանիքի անդամները կը գտնուի Հալէպի «Քալիմէ» հիւանդանոցին մէջ։

Յիշեցնենք, որ կիրակի օր եղած  ծանր արկածին հետեւանքով իր մահականցուն կնքած էր  երիտասարդ  հայուհի՝ Վանա  Եագուպեանը։

Նախնական տուեալներու համաձայն Հալէպի միակ ցամաքային՝ Խանասէրի վտանգաւոր ճանապարհին վրայ անցնող  երկու տարիներու ընթացքին  զոհուած են քաղաքացիներ,  որոնց մէջ  եղած են նաեւ հայորդիներ։