image

Ամերիկահայ երիտասարդը կ՚ապրի ճնշող պայմաններու մէջ. Սեւակ Պագգալեան

Ամերիկահայ երիտասարդը կ՚ապրի ճնշող պայմաններու մէջ. Սեւակ Պագգալեան

Այս ամառը իւրայատուկ էր Հայ Աւետարանական համայնքի երիտասարդներուն համար։ Աշխարհի չորս ծագերէն աւելի քան 130 երիտասարդներ Հայաստան ժամանեցին, ոչ միայն նշելու այդ եկեղեցիին հիմնադրման 100-րդ տարեդարձը, այլ նաեւ գործնական աշխատանքներ կատարելով ու մարդասիրական տարբեր տեսակի ծրագիրներ իրականցնելով մօտէն ճանչցան Հայաստանն ու  հայրենի  ժողովուրդը։ Այդ երիտասարդներէն  մին է Սեւակ  Պագգալեանը, որ հեռու-հեռաւոր Ֆիլատելֆիայէն եկած էր Երեւան ու  քաջասիրտ ոգիով  մասնակցած համագումարի բոլոր  տեսակի աշխատանքներուն։ Սեւակ ծնած  Քալիֆորնիա եւ ներկայիս կ՚ապրի Արեւելեան Ամերիկայի Ֆիլատելֆիա քաղաքը, ուր կ՚անդամակցի  Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան։

 

-Յարգելի Սեւակ տեղեակ եղանք, որ այս տարուան ձեր համագումարը իր բնոյթով եւ մանրամասնութիւններով կը տարբերէր անցեալի համագումարներէն. Ի՞նչ կրնաս  ըսել այդ մասին։ 

 Այս մէկը Հայաստան իմ ցարդ տուած 4-րդ այցս է։Տպաւորութիւններս բացառիկ են։ Ինչ կը վերաբերի համագումարին ըսեմ, որ զանազան երկիրներէ հայ երիտասարդներ իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ անշուշտ լաւագոյն առիթ  եղաւ տարբեր երկիրներէ  ժամանած   երիտասարդներու հետ ծանօթանալու  ու նաեւ միասին գործելու։ Մեր ճամբարը նաեւ առիթ եղաւ վերականգնելու կապերը Հայաստանի երիտասարդներուն հետ։ 


 -Առաջին անգամն է,  որ այս  տիպի առաքելութեան կը մասնակցիս։  

Ոչ, առաջին անգամը չէ, ասկէ եօթ եւ երկու տարի առաջ ալ մասնակցած եմ: 2011-ին Աւետարանչականի ծրագրին մասնակցած էի եւ աշուրջ մէկ շաբաթ Արմաւիրի Փական ճամբարին մէջ ծառայութիւն մատուցեցինք եւ  հանրօգուտ   աշխատանքներ կատարեցին։ Ճամբարը ինծի եօթ տարի առաջուան մթնոլորտը  յիշեցուց։


-Ներկայիս  կ՚ապրիս  Ֆիլատելֆիա։ Ի՞նչ պիտի տանիս հետդ այդտեղ եւ առհասարակ, հայ երիտասարդը Հայաստանէն ինչ կրնայ «տանիլ»,  կամ ինչով կրնայ  օգտուիլ։  

Իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ երբ Հայաստան կ'այցելէ, Հայաստանէն իր հետ կը տանի իր զօրացած հայութիւնը,մանաւանդ ամերիկահայ երիտասարդութեան պարագային, ուր հայ երիտասարդները կ՚ապրին բաւականին ճնշիչ պայմաններու մէջ։ Ամերիկայի  մէջ  հայերու ձուլման գործընթացը «սարերու  ետին չէ» եւ այդ  բոլորը իրապէս մտահոգիչ է մեզի համար։ Օրինակ մը տալու համար նշեմ,  որ  այսօր  ինծի տարեկից երիտասարդներէն շատերը հայերէն չեն խօսիր եւ այդ մէկը  շատ  բան կ՚ըսէ այսօրուան դառն  իրավիճակին մասին։


-Ի՞նչն է պատճառը:

Պատճառն այն է, որ ամերիկեան մշակոյթի ճնշումը շատ մեծ է, շատ զօրաւոր է եւ շատ ուժեղ է։ Կը  տառապինք cultural   tension  կոչուածէն. երկիրը մեծ է, քաղաքները մեծ են, հայերը  տարածուած  են...  Ամերիկան  Լիբանան չէ, որ հայութեան կեանքը կեդրոնացած ըլլայ մէկ կամ երկու շրջաններու մէջ։ Հայկական դպրոցներ շատ չկան, մանաւանդ Արեւելեան Ամերիկայի մէջ, Արեւմտեան շրջանը՝ Քալիֆորնիա  դրութիւնը   քիչ  մը տարբեր է, իսկ մեր մօտ հայութիւնը բաւական տարածուած է եւ այդ մէկը աւելիով կը դժուարացնէ հայապահպանութեան   գործը։


-   Կը պատմէ՞ք  ձեր մասին։

Ես ուսողութիւն կը դասաւնդեմ, բայց ոչ հայկական դպրոցի  մը մէջ: Ամերիկայի մէջ «ջարթըր սքուլ» հասկացութեամբ դպրոցներ կան, որոնք պետական չեն, բայց կը գործեն այն երեխաներուն համար, որոնք պետական դպրոց պէտք է երթան, բայց տեղ չըլլալուն համար,  ստիպուած  կ՚ըլլան այդ դպրոցներուն մէջ սորվիլ։


-Իսկ ի՞նչ խնդիրներ կան այդ դասարաններուն մէջ, ուր դուք կը դասաւանդէք, ի՞նչ  են  ամերիկացի  աշակերտներու  առջեւ դրուած խնդիրները։

Իմ ապրած շրջանիս մէջ՝ Ֆիլատելֆիա, երեխաներուն առջեւ շատ խնդիրներ կան, հիմնական կարիք կայ  հիմք արմատ ունեցող եւ «զօրաւոր»  ընտանիքի  մը մէջ ապրելու... Իմ աշակերտներէս շատերը մէկ ծնող ունին, ունին հոգեբանական լուրջ խնդիրներ։ Իրենց շուրջը յաճախ անկարգութիւն, սպաննութիւն կը տեսնեն, թմրանիւթի գործածութիւնը ընդհանրացած երեւոյթ եւ այդ բոլորը պատճառ կը դառնան, որ իրենք ալ յոյս չունենան իրենց ապագային հանդէպ ...

Տակաւին անոնցմէ շատերը կը մտածեն՝ ինչու՞ դպրոց պիտի յաճախեն։ Շատերու համար ալ դպրոցը  աւելորդ է,  կ՚ուզեն աշխատանք մը ճարել եւ դրամ շահիլ ...Այս բոլոր հարցերը կան ու մեզի համար հիմնականը այս պատանիներուն ապրելու յոյս մը փոխանցելն է ու եթէ ատիկա իրականացնենք, ապա շատ մեծ ձեռքբերում մը կատարած կ՚ըլլանք։


-Իսկ դուք հայկական միջավայրին հետ կը շփուի՞ք։

Այո այդ շփումը կայ եւ բարեբախտաբար  հայկական միջավայրին այդ տեսակ յուսահատութիւն չկայ։

Ֆիլատելֆիոյ մէջ հայկական դպրոց մը ունինք՝ Հայ քոյրերու վարժարանը, որ միջնակարգ  վարժարան մըն   է, այդուհանդերձ շատ մը հայ ընտանիքներ իրենց զաւակները օտար դպրոցներ կ'ուղարկեն: Հայ պատանիներու պարագային մեր առջեւ դրուած հարցը, մանաւանդ եկեղեցական կեանքի տեսակէտէն, այն է, թէ ինչպէ՞ս այս պատանիներուն հաւատքը զօրացնենք, օգնենք, որ իրենք զգան որ սա իսկապէս իրենց հաւատքն է եւ ոչ թէ կը պարտադրուի իրենց վրայ։  Ու  ինչպէս ընենք,  որ անոնք  ուղղակիօրէն  քրիստոնէական  կեանքին մէջ մտնեն։ Հայկական առումով    մեզի   համար այս է գլխաւոր խնդիրը։


-Ի՞նչ էր կապդ Հայ Աւետարանական եկեղեցիին հետ: Ինչպէ՞ս դուն քեզի այս կառոյցին մէջ գտար, ի՞նչն էր ուժը, որ քեզի մղեց այնտեղ  յաճախել:

Աւետարանական եկեղեցւոյ հետ կապս ընտանեկան է, հայրս՝ Վերապատուելի Նշան Պագգալեանն է։ Մօրս հայրն ալ Վերապատուելի Աբրահամ Ճիզմէճեանն  էր, որ Պէյրութէն Թորոնթօ անցած էր։ Իմ պարագայիս եկեղեցւոյ հետ կապը տունէն, ընտանիքէն եղած: Ճիշդ է, որ ժամանակ մը որպէս երիտասարդ , ես ալ խարխափումներու մէջ եղայ, անցուցի այդ փորձաքարը, որմէ ետք՝ բացի ընտանեկան կապէն, գիտակցաբար ալ հասկցայ եւ արժեւորեցի  մեր եկեղեցւոյ կատարած առաքելութեան կարեւոր եւ անփոխարինելի արժէքը։