image

Բրիտանիա ձեռքը կը քաշէ Սուրիոյ ընդդիմադիրներէն

Բրիտանիա ձեռքը կը քաշէ Սուրիոյ  ընդդիմադիրներէն

Բրիտանիոյ կառավարութիւնը յայտարարած է, որ դադրեցուցած է Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիր ուժերու իշխանութեան տակ գտնուող շրջաններուն տրամադրուող օգնութիւնները:

«Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին Բրիտանիոյ կառավարութեան պաշտօնական խօսնակը յայտնած է, որ ընդդիմադիր ուժերու տիրապետութեան տակ գտնուող շրջաններու մէջ իրավիճակն անկառավարելի դառնալէ ետք, իրենք դադրեցուցած են այդ շրջաններուն տրամադրուող օգնութիւններու մէկ մասը, սակայն շարունակելով օգնել չափազանց կարիքաւորներուն, միաժամանակ նպաստելով երկրի խաղաղութեան ու անվտանգութեան վերականգնման:


Բրիտանիոյ կառավարութեան համաձայն,  2017-2018 ելեւմտային տարուան ընթացքին Բրիտանիա 193,85 միլիոն տոլար ծախսած է, Սուրիոյ մէջ մարդասիրական նախագիծերու իրականացման համար: