image

Տարածաշրջանին մէջ նոր լարուածութիւն. «Հըզպալլա» կը համարուի «երկրորդ անպարտելի բանակ»

Տարածաշրջանին մէջ նոր լարուածութիւն. «Հըզպալլա» կը համարուի «երկրորդ անպարտելի բանակ»

Իսրայէլեան «Ետիհոթ Ահրոնոթ» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր յայտնած է, թէ Իսրայէլ կը պատրաստուի ասպարէզ դուրս գալ «Միջին Արեւելքի երկրորդ հզօրագոյն բանակ»ին դէմ, նկատի ունենալով «Հըզպալլա»ն:

Թերթին փոխանցմամբ, օրերս իսրայէլեան բանակին մէջ զօրավարժութիւններ կ՛իրականացուին, պատրաստուելով Սուրիոյ մէջ պատերազմական փորձ կուտակած «Հըզպալլա»ի բանակին դէմ պայքարելու:


Թերթը նշած է, որ «Հըզպալլա» անցնող տարիներու ընթացքին Սուրիոյ պատերազմի օրերուն մեծ փորձ ու ինքնավստահութիւն ձեռք բերաւ, եւ այժմ աստիճանաբար Լիբանան տեղափոխուելով, շարք մը ներքին խնդիրներ կը դիմագրաւէ, այդ թուին` տարեկան պիւտճէի կրճատուածութիւն, սակայն այնուամենայնիւ, այն մշտապէս ի վիճակի եղած է նոր զինամթերք ու զէնքեր ձեռք բերելու: