image

Ինքնաշարժի ծանր արկած Հալէպի մերձ. 2 հալէպահայեր փոխադրուած են հիւանդանոց

Ինքնաշարժի ծանր արկած  Հալէպի մերձ. 2 հալէպահայեր  փոխադրուած են հիւանդանոց

Ինքնաշարժի ծանր արկածի ենթարկուելէ ետք, հալէպահայեր Սոնիա  Գաբրիէլեան եւ Գարլոս Պուրճլեան վիրաւորուած եւ փոխադրուած են հիւանդանոց։ Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Հալէպի իր աղբիւրէն, որ նաեւ փոխանցեց, թէ ինքնաշարժի  արկածը  պատահած է  Հալէպի Խանասէր ճանապարհին վրայ։ Մեր ունեցած տուեալներով, մեր հայրենակիցներու առողջական վիճակը մտահոգիչ չէ։ Նախնական տեղեկութիւններու համաձայն ինքնաշարժի վարորդը մահացած է։

Հալէպի հայկական  շրջանակներուն աշխոյժ ներկայութիւն հանդիսացող Սոնիա Գաբրիէլեանը մայրն է Գարլոս Պուրճլեանին։