image

Շուէտ ապրող կարգ մը սուրիահայեր մտահոգիչ վիճակի մէջ են. Տօքթ. Թովմաս Յակոբեան

Շուէտ ապրող կարգ մը սուրիահայեր մտահոգիչ վիճակի մէջ են. Տօքթ. Թովմաս Յակոբեան

«Արեւելք»ի  հարցումներուն կը պատասխանէ  Շուէտ հաստատուած    բժիշկ   Թովմաս  Յակոբեանը


-Ինչպիսի՞ն է  սուրիահայերուն  ընդհանուր վիճակը Շուէտի մէջ։ 


Պատերազմի պատճառով Շուէտ հասած սուրիահայերէն ոմանք կայուն  վիճակ ունին, ոմանք ալ  խուճապի մէջ կ'ապրին: Խուճապի մէջ գտնուողները    անոնք են, որոնք հայկական  անձնագիր ունին, ինչի պատճառով ալ այսօր շատ գէշ եւ շատ ճնշիչ վիճակի մէջ են, ուղղակի հոգեկան եւ մտային տագնապ կ'ապրին, վախով կ'ապրին, մտածելով, թէ ե՞րբ իրենց կարգը պիտի գայ եւ դուրս պիտի դնեն իրենց Շուէտէն: Կառավարութիւնը բաւական կը ճնշէ այդ հարցով, ներկայիս 40 սուրիահայ ընտանիքի անուն կը շրջանառուի, որոնք  վերջնական մերժում  ստացած են Շուէտի կառավարութիւնէն  եւ կրնան  որեւէ  պահու դուրս դրուիլ   երկրէն։

Վերջնական մերժում ստացածներէն ոմանք շուրջ 5-6 տարի է, որ Շուէտ, Նորվէկիա կամ Հոլլանտա կ'ապրին, անոնց զաւակները այստեղ տարիերով դպրոց յաճախած են, վարժուած են այստեղի մթնոլորտին, եթէ հիմա դուրս դրուին, անոնք հաստատուն ապագայ մը պիտի չունենան, նոյնիսկ անոնց ծնողները նոր լեզու սորուեցան, կեանքին վարժուեցան, անոնց վիճակը հիմա ուղղակի   մտահոգիչ  է։


-Իսկ ի՞նչ է պատճառը որ Շուէտի, Հոլանտայի կամ Նորվէկիայի կառավարութիւնները այսպէս խիստ կը վարուին նաեւ հայ գաղթականներուն հետ:


Յստակ բան մը չըսուիր, բայց ինչ որ ժողովուրդը կը խօսի, որոշ համաձայնութիւն մը կնքուած էր ժամանակին Եւրոպայի եւ Հայաստանի միջեւ եւ Հայաստանի Եւրոպա մտնելու գործընթացին վրայ հիմնուած հարց մըն է, հետեւաբար անոնք որ հայկական հպատակութիւն ունին, անոնց կեցութեան իրաւունք պիտի չտան:


-Իսկ տեղի հայութիւնը, Շուէտի հայ համայնքը բնաւ կ'օգնէ՞ հայ գաղթականներուն, տեղեկութիւն ունի՞ք այդ մասին:


Տեղի համայնքի կողմէն այս հարցով որեւէ օգնութիւն չի կրնար ըլլալ, քանի որ նախ իրենք ալ չեն գիտեր, տեղեկութիւնները որ իրենց կը փոխանցուի, հաստատ տեղեկութիւններ չեն, ամէն օր տարբեր օրէնքով մը կը խօսուի այս հարցին շուրջ, անոր համար ալ մարդիկ շուարած վիճակի մէջ են, չեն կրնար գիտնալ իրենց ապագայի ուղղութեամբ ինչ որոշում պիտի կայացնեն:

Եւրոպա՝ Շուէտ, Նորվէկիա եւ Հոլանտա հաստատուած հայ ժողովուրդին օգտակար դառնալու համար, իմ համոզմամբ, միմիայն մէկ միջոց կայ, որն է՝ հարցին պետական մակարդակով լուծում տալը: Հայաստանը պետական մակարդակով որոշ համաձայնութիւն մը կնքէ,  որ այս դուրս դնելու հարցը դադրեցուի, եթէ երկու պետութիւններու միջեւ դիւանագիտական  ճամբաներով այս հարցը չլուծուի, կրնամ ըսել հայ գաղթականներուն կէսէն աւելին խաթարուած վիճակի մէջ կը մնայ:

Հետեւաբար ես լուծումը Հայաստանէն կ'ակնկալեմ, եւ ոչ թէ տեղի համայնքէն, քանի որ, ինչպէս գիտէք այստեղ օրէնքը մէկ օրէնք է, արաբական երկիրներու նման չէ, որ համայնքային ազդեցութիւն ըլլայ, համայնքը  խօսք ունենայ, ամէն մարդ օրէնքին ենթարկուած է, եւ համայնքը չի կրնար այդ օրէնքները շրջանցել:


-Ընդհանրապէս գաղթականներուն հանդէպ ի՞նչ է բնիկ շուէտացիներուն վերաբերմունքը, ըլլայ հայ, քրիստոնեայ, ասորի, արաբ եւ այլն:


Այստեղ մարդիկ ընդհանրապէս ո՛չ կրօնքի կը նային, ո՛չ ազգութեան, իրենք իրենց քաղաքացիական օրէնքներուն ենթարկուած են, իսկ հայերուն հանդէպ անոնց վերաբերմունքը գոնէ արտաքնապէս բնական  վերաբերմունք է, ներքնապէս ի՞նչ կը մտածեն՝ չեմ կրնար ըսել: Բայց հայութիւնը հոս աշխոյժ է, մանաւանդ Սթոքհոլմի մէջ, ակումբներ ունինք, նոնիսկ եթէ կազմակերպուած ակումբներ չկան, օրէնքը իրենց իրաւունք տուած է, որ երբ 50 ընտանիքի ստորագրութիւն հաւաքուի, կրնան հաւաքական ակումբ մը հիմնել, իրենք իրենց մշակոյթը, լեզուն պահեն եւ կառավարութիւնը այս պարագային կ'օգնէ անոնց եւ վճարուած դասատու մը կ'ապահովէ, որ հայերէն լեզուի դաս տայ այդ ակումբներէն ներս: Այստեղ սկաուտութիւն, երիտասարդաց միութիւն, կուսակցութիւններ հինէն կային, բայց սուրիացիներուն գալէն ետք եւ գաղութի թիւը բազմանալէն ետք աւելի աշխուժացան:


-Ինչքանո՞վ կը գնահատէք սուրիահայ փախստականներու թիւը Շուէտի մէջ:


Օրինական մարդահամար չէ եղած, ճիշդ թիւի մասին տուեալներ չունիմ, բայց ինչ որ կը խօսուի հիմա՝ 3000 հայեր  կ՚ապրին  Շուէտի մէջ: