image

Հալէպ կ՚այցելեմ, գանատական անձնագիրս ստանալէ ետք միայն. Մոնթրէալ հաստատուած հայուհի

Հալէպ կ՚այցելեմ, գանատական անձնագիրս ստանալէ ետք միայն. Մոնթրէալ հաստատուած հայուհի

«Արեւելք»ի զրուցակիցն է չորս տարիներէ ի վեր Մոնթրէալ  հաստատուած սուրիահայ Սօսի Գրիգորեան  Թաթարեանը:


-Կը պատմէ՞ք ինչպէս եղաւ ձեր ընտանիքի Գանատա գաղթելու որոշումը, ե՞րբ եւ ի՞նչ միջոցներով:


Մենք՝ ես, ամուսինս եւ երկու աղջիներս, Հալէպի մէջ օրէ օր  շեշտացող պատերազմական իրավիճակի պատճառով 2013-ին դիմեցինք Գանատա երթալու, մէկ տարի ետք մեզի Պէյրութ հարցազրոյցի կանչեցին, բայց այդ ընթացքին մեծ աղջիկս նշանուած էր եւ պիտի ամուսնանար, հետեւաբար, աղջկաս պսակէն ետք, միայն երեքով հասանք Մոնթրէալ՝ 2014- ի դեկտեմբեր 18-ին: Մենք, ինչպէս բոլոր սուրիահայերը՝ Հայ տունի ճամբով եկանք,  բայց արաբ քրիստոնեաները իրենց եկեղեցիներուն միջոցաւ եկած են:

Այսօր արդէն չորս ու կէս տարի է, որ Մոնրէալ կը գտնուինք, հաստատուած ենք, աշխատանքի խնդիր չունինք, ես ու ամուսինս մեզի համապատասխան աշխատանք գտած ենք, իսկ աղջիկս փաստաբանական քոլէջ ուսմանը կողքին նաեւ կէս դրոյքով աշխատանք ունի, գոհ ենք:


- Ձեր ունեցած տուեալներով  ինչքա՞ն  է պատերազմին  հետեւանքով Գանատա հաստատուած սուրիահայերուն թիւը:

 

Պատերազմի հետեւանքով, ես ինչքան որ գիտեմ, միայն Մոնթրէալի մէջ 175-200 սուրիահայ ընտանիք հաստատուեցաւ, ասի բացի Թորոնթոյէն եւ Վանքուվըրէն:


-Ինչպիսի՞  պայմաններու մէջ կ'ապրին անոնք, կրնա՞ք պատմել:

 

Կրնամ ըսել, որ սուրիահայերը բոլորն ալ հանգիստ կեանք կ'ապրին, գանատական կառավարութիւնը սուրիացիներուն բոլոր հարցերուն լուծում տուած է, բոլորն ալ առաջին ամիսներէն ետք արդէն գործ գտած են, մեծ տարիքով մամիկ պապիկները հաստատուելնէն մէկ տարի ետք արդէն կառավարութենէ թոշակ սկսան ստանալ, իսկ անոնք, որոնք 18 տարեկանէն վար զաւակ ունին, Գանատա ոտք դրած վայրկեանէն սկսեալ իւրաքանչիւր զաւակի համար կառավարութենէն մօտաւոր 600-700 տոլար ամսական կը ստանան, իսկ եթէ մանկամսուրի տարիք երեխայ ունին, պարտադիր մանկամսուր պէտք է դնեն իրենց երեխաները, այդ իսկ պատճառով օրական 30 տոլարի փոխարէն անոնցմէ միայն 7 տոլար կը գանձեն:

Գրեթէ բոլորն ալ անխտիր ինքնաշարժ ունին, եւ հակառակ անոր որ այստեղ տուն գնելը այդքան ալ դիւրին չէ, չափազանցած չեմ ըլլար եթէ ըսեմ, որ սուրիացիներուն գրեթէ կէսը հոս նաեւ տուն գնած են, որովհետեւ կառավարութիւնը  անոնց համար բաւական դիւրացուցած է տուն գնելու պայմանները: Աշակերտներու ուսումը նոյնպէս առաջին տարին անվճար էր, հիմա ալ շատ չնչին գումար մը կը գանձեն՝ տարեկան 5000-ի փոխարէն 1000-1500 տոլար միայն:

Տարբեր դասընթացքներու հետեւելու համար նոյնպէս կառավարութիւնը իւրաքանչիւր անհատի 650 տոլար կը վճարէ: Լեզուի դասընթացքը պարտադիր է բոլորին համար, որովհետեւ այստեղ լեզուն ֆրանսերէնն է:


-Այսինքն Գանատա հաստատուած սուրիահայերը  գո՞հ  է  այդ  երկրի պայմաններէն:

 

Այո, գոհ են, ինչ որ կը տեսնեմ, բոլոր սուրիահայերը որ հոս են, հանգիստ կեանքով կ'ապրին, եթէ դժգոհութիւն մը յայտնեն, այն ալ կլիման է, որովհետեւ մենք չենք վարժուած այսքան ձիւնին, բայց ուրիշ կողմէ բնաւ գանգատ չկայ:


-Իսկ Հայաստանի մասին ի՞նչ կ'ըսէք, երբեք չմտածեցի՞ք հայրենիք տեղափոխուիլ:

 

Շիտակը Հայաստան չեմ գացած, բայց կը փափաքիմ երթալ եւ տեսնել: Մեր հարազատներէն շատեր սակայն նախ Հայաստան գացին, փորձեցին եւ ետքը որոշեցին Գանատա գալ: Ինչ որ մեր հարազատներէն լսեցինք, գրեթէ բոլորը դժգոհ էին, կ'ըսէին աշխատավարձերը քիչ են, տունի վարձքերը՝ շատ եւ գործ չկայ: Այո, քաղաքը գեղեցիկ է, բայց այդքանով բաւարարուիլ կարելի չէ, Հայաստանը կը մնայ մեր հայրենիքը, ուրիշին առջեւ չենք ուզեր այս կերպ արտայայտուիլ, բայց եթէ հոն հասած այդքան ժողովուրդը գոհ ըլլային, ինչո՞ւ պիտի ուզէին Գանատա գալ:

 

-Ձեր կարծիքով, ի՞նչ ապագայ կը սպասէ Հալէպին:

 

Շիտակը՝ չորս տարի է չեմ տեսած Հալէպը, շատ կարօտցած եմ եւ կը փափաքիմ տեսնել, մինչեւ աչքովս չտեսնեմ չեմ կրնար կարծիք տալ ապագայի մասին, բայց կը կարծեմ որ անոնք որոնք Գանատա եկան եւ կ'ըսեն որ ետ կը վերադառնաք, ափսոս, չեն վերադառնար, քանի որ բոլորն ալ յարմարած են այստեղի կեանքին, երիտասարդները իրենց ուսումը այստեղ ստացան, արաբերէնը մոռցան, ինչքան ալ կարօտ ունենան՝ ետ վերադարձի համար դժուարութիւնները շատ են:


-Մտադի՞ր էք Հալէպ վերադառնալ:

 

Մտադիր եմ գոնէ անգամ մը այցելել Հալէպ, բայց գանատական անձնագիրս առնելէ ետք: Ես ալ չեմ գիտեր ինչ պիտի ընենք, որվհետեւ ինչպէս ըսի մեծ աղջիկս ամուսնացաւ եւ  Հալէպ մնաց, իսկ միւսը Գանատա է արդէն, որո՞ւ մօտ պիտի մնանք, շուարած ենք, անգամ մը Հալէպ այցելելէ ետք կրնանք որոշել թէ ինչ քայլ պիտի առնենք: