image

Լիբանանի մէջ անշարժ գոյքի ոլորտը տագնապահար

Լիբանանի մէջ անշարժ գոյքի ոլորտը տագնապահար

Լիբանանի մէջ բնակարաններու ձեռքբերման համար տրամադրուող վարկերը դադրեցուած են, նկատի ունենալով այդ վարկերու քանակի զգալի աճն ու անկառավարելի դառնալու վտանգը, կը գրէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը:

Աղբիւրին համաձայն, Լիբանանի կեդրոնական դրամատունը սառեցուցած է անշարժ գոյքի վարկերու տրամադրումը, որովհետեւ դրամատան կողմէ 2018 թուականի համար նախատեսուած պիւտճէն արդէն սպառած է, իսկ կառավարութիւնն ի զօրու չէ փոխարինող նախագիծ առաջարկելու:

Շէնքերու կառուցապատման աշխատանքներով զբաղողներու միութեան նախագահ Էլի Սումայի հաւաստմամբ, անշարժ գոյքի շուկան ճգնաժամ չ'ապրիր, հակառակ անոր, որ որոշ ժամանակով առուվաճառքի սառեցում կ'ակնկալուի, իսկ հատ ու կենտ սեփականատէրերու կողմէ ճամբորդութեան կամ կարիքի պատճառով գոյքի աժան վաճառքը չի նշանակեր, որ ամբողջ շուկան ճգնաժամ կ'ապրի: