image
Հրատապ լուրեր:

Փասատինայի Մէջ Նշուեցաւ Հնչակեան Քսան Կախաղաններու Տարելիցը

Փասատինայի Մէջ Նշուեցաւ Հնչակեան Քսան Կախաղաններու Տարելիցը

Միացեալ Նահանգներու Փասատինա  քաղաքի ՍԴՀԿ «Փարամազ» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, կիրակի, 15 յուլիսին,  տեղի ունեցաւ Հնչակեան Քսան Կախաղաններու  103-ամեակի ոգեկոչումը:


Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահէն ներս,  ներկայ էին Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Վաչէ Արք. Յովսէփեան, ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան եւ Վարիչ Մարմինի անդամներ, ՌԱԿ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետն ու անդամներ, ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչներ, Պոլսահայ Միութեան ղեկավար անդամներ, մամուլի ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հանդիսականներ:


Երեկոն սկսաւ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստան Հանրապետութեան եւ ՍԴՀԿ քայլերգներով: Բացման ոգեւորիչ ելոյթով հանդէս եկաւ օրուայ հանդիսավարուհի  Տիկ. Թագուհի Արզումանեան: Բացման  խօսքով ուղղեց «Փարամազ» մասնաճիւղի ատենապետ Տիրան ճէրէճեան եւ երիտասարդութեան խօսքը Անգլերէն լեզուով արտասանեց իրաւաբան Վահան Խոտանեան:


Օրուայ գլխաւոր բանախօսն էր ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Գանատայէն հրաւիրուած Կիրակոս Թիւթիւնճեան: Ան իր համապարփակ ելոյթին մէջ գնահատականը կատարեց Քսաններու գործունէութեան ու հետապնդած նպատակներուն, որոնք կարճ տարիներ  ետք իրականութիւն դարձան Սարդարապատի ճակատամարտով ծնունդ առած Հայաստանի Հանրապետութեան գոյարումով: Թիւթիւնճեան ողջունեց Հայաստանի ժողովրդային յեղափոխութեան յաղթանակը, անդրադառնալով ՍԴՀԿ-ի արդ շարժումին բերած մասնակցութեան: Ան Կուսակցութեան անունով զօրակցութիւն յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութեան ու պատրաստակամութիւնª աջակցելով անոր կողմէ իրականացուող բարեփոխումներուն:


Օրհնութեան խօսք ուղղեց Արեւմտեան Ամերիկայի Թեմի առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան:


Երեկոյի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան պարախումբը, Թագուհի Արզումանեան, ասմունքով,  եւ երգիչ-երգչուհիներ՝ Յարութ Յակոբեան, Արաքսիա Ամիրխանեան եւ  Արնօ Մկրտչեան ազգային ու հայրենասիրական երգերով:


Հանդիսութիւնը խանդավառ մթնոլորտի մէջ փակուեցաւ «Հնչակեան Ենք Մենք» քայլերգով: