image

Փութինի հետ հանդիպումէն առաջ Թրամբ «կրակ կը ժայթքէ»

Փութինի հետ հանդիպումէն առաջ Թրամբ «կրակ կը ժայթքէ»

Կիրակի օր, Ֆինլանտայի մայրաքաղաք Հելսինկի մէջ Փութին-Թրամբ առաջին հանդիպումէն ետք, նախագահ Թրամբ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է, ուր բարձրաձայնած է, թէ Ռուսիա, Եւրոմիութիւնն ու Չինաստանը Ամերիկայի թշնամիներն են:

«CBS» լրատուական ցանցին հետ զրոյցի ընթացքին Թրամբ մանրամասնելով նշած է, որ Եւրոմիութիւնը Ամերիկայի թշնամին է, առեւտրային գետնի վրայ վերջինիս հասցուցած վնասներուն պատճառով, իսկ Ռուսիա քանի մը ոլորտներու մէջ թշնամի է Ամերիկային: Ինչ կը վերաբերի Չինաստանին, Թրամբ շեշտած է, որ ան տնտեսական գետնի վրայ թշնամի է, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ անոնք վատ են, այլ պարզապէս մրցակիցներ են:

Աւելի ուշ Թրամբ թուիթըրեան գրառմամբ մը յայտնած է, թէ ինք քաջատեղեակ է, որ ընդդիմադիրներու կողմէ քննադատութիւններու պիտի ենթարկուի, անկախ Փութինի հետ հանդիպման դրական արդիւնքներէն, շեշտելով, որ անգամ եթէ Ռուսիոյ տարիներէ ի վեր կատարած սխալներուն դիմաց Մոսկուայի բանալիները յանձնուին իրեն, ինք դարձեալ պիտի քննադատուի ու իր սխրագործութիւնն անբաւարար համարելով իրմէ պիտի պահանջեն Սանկտ Փեթերսպուրկն ալ վերցնել: