image

Սուրիոյ քիւրտերը կարեւոր շրջադարձ կատարեցին

Սուրիոյ քիւրտերը կարեւոր շրջադարձ կատարեցին

Փութին-Թրամբ սպասուող հանդիպման նախօրէին, Սուրիոյ քիւրտերը անմիջական բանակցութիւններ սկսած են Սուրիոյ կառավարութեան հետ, պատրաստուելով միանալ կառավարական ուժերուն, կը գրէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը:

Կողմերու միջեւ համաձայնութեան դրոյթները կ'ընդգրկեն նաւթի հորերը յանձնել կառավարական ուժերուն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերու տարածուած շրջաններուն մէջ թոյլ տալ, որ կառավարական ուժերը տեղ գրաւեն:

Նշենք, որ Սուրիոյ ճգնաժամի առաջին օրերէն ի վեր, Հասաքէի հորերէն Իրաք արտահանուող նաւթը տեղի քրտական ուժերու եկամուտի գլխաւոր աղբիւրն էր:

Աղբիւրին համաձայն, քրտական ուժերը Սուրիոյ կառավարութեան հետ համաձայնութեան գալու տրամադրուածութիւն ցուցաբերած են այն բանին համար, որ ԱՄՆ իր կեցուածքը փոխելով դադրած է հովանաւորել զիրենք: