image

Միջին Արեւելքի տնտեսական ապագան վտանգուած է.Forbes

Միջին Արեւելքի տնտեսական ապագան վտանգուած է.Forbes

Ամերիկեան «Forbes» ամսագիրը յօդուած մը հրապարակած է, ուր հարց բարձրացուցած է, թէ արդեօք ամերիկա-չինական տնտեսական հակամարտութիւնը իր բացասական ազդեցութիւնը պիտի ունենա՞յ Միջին Արեւելքի վրայ:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, տնտեսական պայքարը ոչ ցանկալի հետեւանքներ պիտի ունենայ տարբեր շուկաներու վրայ, մանաւանդ ճնշում բանեցնելով տարբեր երկիրներու վրայ, ներգրաւուելու պայքարին մէջ ու կրելու անոր վնասները:

Աղբիւրը նշած է, որ բաժնետոմսերու շուկան անմիջականօրէն պիտի ազդուի ստեղծուած իրավիճակէն: Բացասաբար պիտի ազդուին նաեւ զարգացող տնտեսութիւնները, հետեւաբար մեծ է հաւանականութիւնը, որ Միջին Արեւելքէն զգալի միջոցներ դուրս բերուին, նկատի ունենալով, որ այն մեծաւ մասամբ աճող տնտեսութիւններէ բաղկացած է:

Տնտեսական պայքարի անուղղակի ազդեցութիւններէն մէկն ալ Չինաստան արտահանուող Միջին Արեւելեան նաւթի եկամուտի նուազումը պիտի ըլլայ, որ կրնայ 40 տոկոսով անկում ապրիլ: