image

Փութին վարպետօրէն գործեց Սուրիոյ մէջ.Washington post

Փութին վարպետօրէն գործեց Սուրիոյ մէջ.Washington post

Ամերիկեան «Washington Post» թերթի վերլուծաբան Իշան Սարուր կարծիք յայտնած է, որ Ռուսիա կը շարունակէ իշխող դիրքի վրայ մնալ Սուրիոյ մէջ, նկատի ունենալով վերջին շրջանին տեղի ունեցող դէպքերը, մասնաւորապէս՝ Տարհայի շրջափակումը Սուրիոյ բանակին կողմէ:

 

Վերլուծաբանը դիտել տուած է, որ 2015 թուականին Սուրիոյ պատերազմին մէջ ներգրաւուած Ռուսիա իրագործեց իր բոլոր նպատակները, Սուրիոյ բանակի իշխանութեան տակ վերցնելով երկրի գլխաւոր քաղաքները, իսկ ինչ կը վերաբերի Ասատի հրաժարականը պահանջող կոչերուն, անոնք աստիճանաբար մարեցան ու համակերպեցան վերջինիս մնալու փաստին հետ:

 

Վերլուծաբանին կարծիքով, Սուրիոյ ճգնաժամի վերջնական ճակատագիրը պիտի որոշուի Փութին-Թրամբ սպասուող հանդիպումէն ետք, սակայն շեշտած է, որ Ասատ պիտի գործէ իր իսկ կամքով, եւ ոչ Փութինի կամ Թրամբի կայացուցած որոշումներուն համաձայն: