image

Պատերազմի օրերուն դեղատունս բուժման կէտ դարձաւ...Յակոբ Նալպանտի վկայութիւնը

Պատերազմի օրերուն    դեղատունս  բուժման կէտ դարձաւ...Յակոբ   Նալպանտի    վկայութիւնը

«Արեւելք»ի հարցերուն   կը  պատասխանէ   հալէպահայ    մտաւորական  եւ դեղագործ    Յակոբ Նալպանտը (Տըլտըլեան)

 

-Ինչպէս գիտենք, այսօր հինգ տարի անց, դուք վերաբացած էք ձեր «Նոր Գիւղ»ի դեղարանը: Ի՞նչ հանգամանքներու տակ գոցուած էր ձեր դեղատունը:

 

-Դեղարանը շփման գիծին շատ մօտ կը գտնուէր, համարեայ  50-75 մեթր հեռաւորութեան վրայ, ահաբեկչական խումբերու շատ մօտ, հետեւաբար այնտեղ մեծ թիւով զինուորներ ալ կային: Հակառակ որ ռմբակոծութիւն միշտ կար, բայց ես դեղատունս բաց կը պահէի, որովհետեւ   ձեւով մը առաջին բուժման կէտի դեր կը կատարէր, շատ զինուորներ կը վիրաւորուէին, կու գային քովս, առաջին բուժօգնութիւն ցոյց կու տայի եւ ետքը կը տեղափոխուէին զինուորական կամ պետական հիւանդանոցներ:

Շրջան մը վերջ, երբ շատ թէժացաւ պատերազմը, ռումբերը շատցան, ստիպուած եղայ փակել դեղատունը եւ գաղթեցի, Հալէպէն հեռացայ՝ ինչպէս շատերը:

 

 

-Ինչպէս յայտնի է, «Նոր գիւղ»ի, յատկապէս ներսի շրջաններուն մէջ աւերուածութեան քանակը քիչ չէ եղած: Ձեր դեղատունը վնաս կրա՞ծ էր: Ինչպիսի աշխատանքներ ստիպուած էիք տանիլ նախքան վերաբացումը: Նաեւ գիտենք, որ Հալէպի հայկական շրջաններուն մէջ հայերու խանութներու վերաշինութեան համար նպաստներ կը յատկացուին, Դուք կրցա՞ք օգտուիլ այդ նպաստէն:

 

-Աւերուածութիւնը բաւական մեծ է, դեղատանս չորս կողմը ամբողջ աւերածութիւն է, դեղարանն ալ իր կարգին հարուածներ ստացած է, ապակիները, ցուցափեղկը քանդուած էին, պատերու որոշակի քանդումներ տեղի ունեցած էին, 5 տարի գոց էր, վերջերս վերադարձայ, որոշակի նորոգութիւններ անպայման պէտք էին, որպէսզի դեղարանը այսօրուայ տեսքը գտնէր: Մօտ երկու ամիս տեւեց նորոգութեան աղխատանքները: Իսկ ինչ  կը վերաբերի նպաստներուն, ես վերանորոգման համար շատ չնչին նպաստ մը ստացայ, ընդհանրապէս ես հոգացած եմ ծախսերը, որովհետեւ երեւի աւելի կարիքաւորներ կային, նպաստներ տրամադրելու գործը մինչեւ այսօր ալ կը շարունակուի, վարձքերնին կատար բոլոր անոնց, որոնք այդ ուղղութեամբ կ'աշխատին, դիմումներ կ'ընեն, փող կը հայթայթեն, կազմակերպութիւններ կան որ փող կը յատկացնեն, ասիկա իսկապէս մեծ մարդասիրական գործ է եւ շատ կարեւոր աշխատանք է համայնքի կեանքը բարելաւելու եւ գաղութը վերականգելու համար:

 

Ինչպէս ըսի, աւերուածութիւնները կան անշուշտ, սակայն հայերուն որոշ խանութները, թերեւս 25 տոկոսը ետ կը բացուին, իսկ մնացած 75 տոկոսը հայերուն Հալէպ չեն այլեւս, գաղթած են, անոնց տուներ ու խանութները մարդ չկայ, կամ վարձու տուած են, ազգականներու տուած են, կամ փակ են:

 

-Ներկայ՝ համեմատաբատ խաղաղ  շրջանին ձեր ասպարէզի՝ դեղատուն վարելու գործին մէջ դժուարութիւններ կա՞ն, եթէ այո, ինչպիսի դժուարութիւներ:


Ամէն գործ յետպատերազմեան շրջանին իր խնդիրները կ'ունենայ, ամէն մէկը իր բնոյթին համաձայն, օրինակ դեղագործական առումով, ինչպէս յայտնի է, դեղի գործարանները բոլորը թալանուեցան, զինեալ ահաբեկիչները սարքերը քակեցին Թուրքիա տարին, սակայն այդուհանդերձ դեղի ընկերութիւնները ձեւով մը իրենց գոյութիւնը կրցան պահպանել, տարբեր ձեւեր կային, շատեր դրամ կու տային ահաբեկչական խումբերուն, որպէսզի չթալանեն, չգողնան իրենց գործարանը, ուրիշներ անոնց միջոցաւ  իրենց դեղերը կը վաճարէին, որոշ ընկերութիւններ ալ սակայն այսօր չկան, ընդհանրապէս գոյութիւն չունին, այրեցան եւայլն, անոնց փոխարէն Սուրիոյ աւելի ապահով շրջաններուն մէջ, Լաթաքիոյ մէջ նոր ընկերութիւններ բացուած են:

 

Դեղի պակաս կայ, օրինակ ընկերութիւնը եթէ  75-80  դեղատեսակ ունի, միայն ծայրայեղ անհրաժեշտ դեղերը կ'արտադրէ, յետոյ եթէ միջոցները բաւարարեն, միւս դեղերը կ'աշխատի, այսինքն պակաս մը գոյութիւն ունի երկրին մէջ ընդհանրապէս, բայց ընդունելի է, այսինքն եթէ համեմատենք Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած պատերազմի ծաւալը եւ դեորայքի վիճակը, ապա եղած պակասի ծաւալը ընդունելի է, բաւարարէն աւելի լաւ է, լաւ կրնամ գնահատել, դեռ շատ լաւ չէ, բայց ես կը հաւատամ որ շուտով, մօտ ապագային շատ պիտի բարելաւուի Սուրիոյ մէջ դեղորայքի վիճակը, որակը, տեսականին եւ քանակը: 

 

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք ներկայիս Սուրիոյ մասնաւորապէս Հալէպի մէջ դեղորայքի ապահովութեան հարցը, պատերազմի հետեւանքով որոշ դեղատեսակներու պակաս կը զգացուի՞ կամ որակային անկումներ նկատելի՞ են, տեղական արտադրութեան դեղերը կը շարունակե՞ն արտադրուիլ:

 

Ինչ կը վերաբերի դեղորայքի որակին, ինչպէս ըսի ես դեռ նոր վերադարձած եմ, որոշ դեղերու պարագային քիչ մը որակազրկում զգացի, բայց չեմ ուզեր շտապել կարծիք տալ, ընթցաքին աւելի ճիշդ կարծիք կրնամ տալ:  Ըսեմ նաեւ, որ նախքան պատերազմը ինչ որ լաւ ընկերութիւններ կային, կը շարունակեն մնալ, յատկապէս Դամասկոսի մէջ գործող յայտնի ընկերութիւնները իրենց մակարդակը եւ որակը պահած են, նոր դեղեր արտադրած են՝ ժամանակին համահունչ:

 

Ինչպէս գիտէք Հալէպի ճանապարհները դեռ փակ են, Հոմսէն վերջ ճամբան փակ է, անապատի ճամբով կը հասնին Հալէպ, յոյս ունինք երբ ճամբաները բացուին, դեղերը նոյնպէս աւելի դիւրին կը հասնին քաղաք, որովհետեւ անապատային ճանապարհի տաքը կրնայ ազդել դերերուն որակին վրայ, այս բոլորը հաշիւ է եւ պետութիւնը լաւ ձեւով կը հետեւի որակի ապահովման, դեղերու հետազօտման պետական մարմինը բաւական լուրջ աշխատանք կը տանի, կը հետեւի, փախստական դեղերուն դէմ կը պայքարի, մանաւանդ որ վերջերս Թուրքիայէն փախստական դեղեր Սուրիա կը մտնեն,  եւ ես բացարձակապէս դէմ եմ այդ դեղերուն, Հալէպի բոլոր   դեղագործներուն ալ կոչ կ'ընեմ որ այդ թրքական դեղերը իրենց դեղարանները չմտցնեն: