image

Տարհայի մէջ Սուրիոյ բանակը հակայարձակման չէ ենթարկուած. «Ալ Մայատին»

Տարհայի մէջ Սուրիոյ բանակը հակայարձակման չէ ենթարկուած. «Ալ Մայատին»

«Ալ Մայատին» լրատուական կայքը յայտնած է, որ սուրիական աղբիւրները հերքած են այն լուրերը, թէ Տարհայի Թալ Ալ Աշաարիի մօտ սուրիական բանակը հակայարձակման ենթարկուած է, նշելով, որ Սուրիոյ օդուժը հրթիռակոծած է զինեալներու գտնուած այն վայրերը, ուրկէ հրթիռներ արձակուած են:

Սուրիոյ ռազմական աղբիւրները յայտնած են նաեւ, որ բանակը շարունակած է իր յառաջխաղացումը Տարհայի արեւելեան արուարձանին մէջ, որուն արդիւնքով Պուսրա Ալ Շամի մէջ գտնուող զինեալները համաձայնած են հաշտութեան գալ եւ յանձնել իրենց զէնքերը, ճանապարհ հարթելով բանակի զինուորներու մուտքին: