image
Հրատապ լուրեր:

Արաբ ղեկավարներ գաղտնի կը պահեն Քուշնէրի ծրագիրը. «Հաարէթց»

Արաբ ղեկավարներ գաղտնի կը պահեն Քուշնէրի  ծրագիրը. «Հաարէթց»

Իսրայէլեան «Հաարէթց» թերթը կը գրէ, որ արաբական երկիրներու ղեկավարները խնդրած են ԱՄՆ-էն չբարձրաձայնել Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման իր նախագիծը, որ կը ղեկավարուի իր փեսային՝ Ժարիտ Քուշնըրի եւ Միջին Արեւելքի մօտ ամերիկացի դեսպան Ժէյսըն Կրինպլաթի կողմէ:

Թերթին փոխանցմամբ, արաբական երկիրներու ղեկավարները ամերիկեան պատուիրակութեան բացատրած են, որ ներկայիս տարածաշրջանը բարդ իրավիճակի առաջ կանգնած է, նկատի ունենալով Սուրիոյ պատերազմը, իրանեան միջամտութիւնը եւ Պաղեստինի մէջ տեղի ունեցող դէպքերը, որոնց զուգահեռ ամերիկեան նախագիծի բացայայտումը կրնայ զգալիօրէն սրել լարուածութիւնը:

Թերթը շեշտած է, որ եթէ Թրամբի կառավարութիւնը Երուսաղէմի եւ փախստականներու հարցը ընդգրկող նախագիծ չներկայացնէ, այն իր բացասական հետեւանքները պիտի ունենայ եւ երկրաշարժի նման պիտի ցնցէ ամբողջ տարածաշրջանը: