image

Ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ Միջին Արեւելքին Թրամբ-Փութին հանդիպումէն ետք

Ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ Միջին Արեւելքին Թրամբ-Փութին հանդիպումէն ետք

Ամերիկացի քաղաքական վերլուծաբան Տէյվիտ Իկնաթիոս յօդուած մը հրապարակած է, ուր հարց բարձրացուցած է, թէ Փութին-Թրամբ հանդիպումէն ետք արդեօք Թրամբ Փութինին պիտի յանձնէ՞ Սուրիոյ պատերազմին յաղթանակի պատիւը:

Քաղաքագէտը նշած է, որ իսրայէլցի, եւրոպացի եւ ամերիկացի որոշ քաղաքական վերլուծաբաններ ընդգծած են այն հարցերը, որոնք պիտի քննարկուին երկու երկիրներու ղեկավարներու հանդիպման ժամանակ:

Քաղաքագէտներուն կարծիքով, որպէս Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման նախապայմաններ պիտի նշուին.

-Իրանեան ուժերը Կոլանի սահմանէն առնուազն 80քմ հեռաւորութեան վրայ պահուին:

-Ռուսիոյ կողմէ Իսրայէլի արտօնութիւն տրուի Սուրիոյ մէջ հարուած հասցնել իրանեան այն ուժերուն, որոնք վտանգ կը սպառնան Իսրայէլի, պայմանաւ, որ հարուածը ռուսական ուժերուն վնաս չհասցնէ:

-Ռուսական օդուժի օգնութեամբ Սուրիոյ բանակի կողմէ Սուրիոյ հարաւ-արեւմտեան շրջաններու ազատագրումը, եւ Յորդանանի սահմանին սուրիական ուժերու վերահաստատումը:

-Ռուսական ռազմական ոստիկանութեան միջոցով ապահովել Սուրիոյ հարաւ-արեւմտեան եւ այլ շրջաններու անվտանգութիւնը:

-Ռուս-սուրիական համատեղ ուժերու իշխանութիւնն ընդարձակել մինչեւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններ, ուր քրտական եւ ամերիկեան ուժերը դաշինք կազմած կը պայքարէին «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ:

Քաղաքագէտը միաժամանակ վկայակոչած է ընդդիմութեան այն արտայայտութիւնը, թէ եթէ ԱՄՆ դաւաճանութեան դիմէ, նոր ահաբեկչական խմբաւրումներու կազմաւորման առիթ պիտի ստեղծէ: