image
Հրատապ լուրեր:

Ալի Մամլուքի հանդիպումը իտալացի սպայի մը հետ

Ալի Մամլուքի հանդիպումը իտալացի սպայի մը հետ

Բրիտանական «The Guardian» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր նշուած է, ու Սահմանադրական եւ մարդու իրաւունքներու եւրոպական կեդրոնը Իտալիոյ կառավարութեան դէմ բողոք ներկայացուցած է այն բանէն ետք, երբ բացայայտուած է Սուրիոյ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան գլխաւոր պետ Ալի Մամլուքի եւ իտալացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը:

Թերթին փոխանցմամբ, եւրոպական կեդրոնը համարած է, որ Իտալիա խախտած է Եւրոպական Միութեան օրէնքները, երբ համաձայնած է իր հողերուն վրայ կայացնել գաղտնի հանդիպումը, նկատի ունենալով, որ Ասատի անմիջական ղեկավարութեան ներքոյ գործող Մամլուքի դէմ 2011 թուականէն ի վեր երկրէն հեռանալու արգելանք սահմանուած էր Եւրոպական Միութեան կողմէ:

Եւրոպական Միութեան ներկայացուցած բողոքին մէջ նշուած է, որ Մամլուք ընթացիկ տարուան սկիզբը Իտալիոյ մէջ հանդիպում ունեցած է Իտալիոյ Ազգային անվտանգութեան նախկին սպայ Մարքօ Մինիթիի հետ, որ այդ օրերուն երկրի Ներքին գործոց նախարարն էր: Ըստ տարածուած լուրերուն, Իտալիոյ Ներքին հետախուզական ծառայութեան պետ Ալպերթօ Մանինթի նոյնպէս ներկայ գտնուած է հանդիպման:

Թերթը նշած է նաեւ, որ ըստ ոչ հաւաստի աղբիւրներու, Իտալիոյ իշխանութիւնները անձնական օդանաւով ապահոված են Մամլուքի տեղափոխումը Իտալիա: