image

Թրքահայութիւնը շատ աւելի գիտակից է այսօր. Պոլսահայ գործիչ

Թրքահայութիւնը շատ աւելի գիտակից է այսօր. Պոլսահայ գործիչ

Պոլսահայ հասարակական գործիչ Ճան  Էրզրումօղլուի կարծիքով մեծ  է թիւը  այն աքթիւիսթներուն, որոնք յառաջիկայ կիրակի օր պիտի «աշխատին» ի  նպաստ կուսակցութեան:Էրզրումօղլու, որ այս մասին «Արեւելք»ին խօսեցաւ յառաջիկայ կիրակի օր Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններու ընդառաջ մասնաւորապէս   ըսաւ  ՝

«Տեղեկութիւն չ'ունիմ այն մասին, թէ ինչպէս կը պատրաստուին ընտրութիւններուն «համայնքային շրջանակները»: Միայն կրնամ խօսիլ ընդդիմադիր ընկերվարական եւ ազատական շրջանակներու մասին: Բազմաթիւ աքթիվիսթներ կը գործեն Ժողովուրդներու Ժողովրդավար Կուսակցութեան (HDP) ի նպաստ: Համալսարանական հայ երիտասարդները, մտաւորականները եւ ժողովուրդի զանազան խաւերէն մարդիկ իրենց աջակցութիւնը կը բերեն անոնց: Ինչպէս յայտնի է, ՀՏՓ վէրջին երկու ընտրութիւններուն ստացած է մօտաւորապէս 30 առ 100 քուէ հայաշատ Քուրթուլուշ  շրջանին մէջ: Վստահ եմ, որ միայն հայերու մէջ այս համեմատութիւնը շատ աւելի է եթէ նկատի առնենք թաղի ոչ հայ բնակչութիւնը: Ժողովուրդի զգալի մէկ մասն ալ քուէարկած է ի նպաստ հանրապետականներու»: Մեր խօսակիցին կարծիքով «Հայերը այսօր շատ աւելի գիտակից են քաղաքական նիւթերու մէջ քան անցեալը: Երբ կը քուէարկեն, նկատի կ'առնեն թեկնածուներու վերաբերումը հայերու հանդէպ, իրենց հայանպաստ կամ հայատեաց խօսքերը ընկերային ցանցերու մէջ լայնօրէն արձագանք կը գտնեն, ինչ որ 10-15 տարի առաջ այսքան տարածուն չէր: Քաղաքական գործիչներու թիւն ալ բնականաբար աւելի շատ է քան անցեալը»եզրակացուց ան:

 

Յիշեցնենք, որ յառաջիկայ կիրակի օր Թուրքիոյ մէջ պիտի կայացուին արտահերթ ընտրութիւններ: Մեծ թիւով վերլուծաբաններու կարծիքով Թուրքիոյ գործող նախագահ Էրտողան կիրակի  օր պիտի չկարողանայ հատել  51 առ  հարիւրի շէմը, բան մը, որուն պատճառով ալ  նախագահի պաշտօնին համար կայացած ընտրութիւնները  պիտի  կրկնուին 15 օր ետք: