image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանան. Ինչ կ՚ակնկալեն «Աունականներ»ը նոր կառավարութենէն

Լիբանան. Ինչ կ՚ակնկալեն «Աունականներ»ը նոր կառավարութենէն

Լիբանանի   նախագահ զօր. Միշէլ Աունի համակիրները յայտնած են, որ Ազատ ազգայիններու շարժման գլխաւոր նպատակը նոր ընտրուելիք կառավարութեան կազմին մէջ համեմատաբար աւելի բարձր մակարդակի նախարարական աթոռներ զբաղեցնելն է, ինչպէս նաեւ աւելի աշխոյժ քաղաքական ուժերով նախարարական խորհուրդ հիմնելը:

«Lebanon 24» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Ազատ ազգայինները կը ձգտին նաեւ սաhմանափակել Լիբանանեան ուժերուն ընձեռնուելիք հնարաւորութիւնները, որպէսզի վերջններս չկարողանան կառավատութեան մէջ ընդդիմութեան վերածուիլ:

Աունի համակիրները ցանկութիւն յայտնած են նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պրրիի հետ առկայ տարակարծութիւնները վերացնել եւ պահպանել վարչապետ Հարիրիի հետ դրական յարաբերութիւնները, այլապէս քաղաքական ուժերու միջեւ պառակտումներու ձգտումները պիտի տկարացնեն նոր կառավարութիւնը: