image

Հետեւեցէ'ք Ասատի խօսքերուն. Թրքական թերթ

Հետեւեցէ'ք Ասատի խօսքերուն. Թրքական թերթ

Թրքական «Daily Sabah» թերթի քաղաքական վերլուծաբան Հաքքի Օքալ պնդած է, որ Իսրայէլ Սուրիոյ ճգնաժամի խաղաղ լուծման չի ձգտիր, այլ Կոլանն ու այլ սուրիական տարածքներ զաւթելու նպատակ կը հետապնդէ:

Օքալի կատարած վերլուծութիւնները յանգած են անոր, որ Իսրայէլ ռազմավարական նախագիծեր սկսած է կազմել, եւ ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ Սուրիոյ դէմ հարուածներու մեկնարկը կը սպասէ:

Օքալ բացառած է Ռուսիա-Իրան-«Հըզպալլա» ռազմական համագործակցութեան հաւանականութիւնը, նշելով, որ Ասատ աւել կը հակի Ռուսիոյ հետ ռազմական համագործակցութեան, քան՝ Իրանի:

Յօդուածագիրը վերլուծելով Ասատի յայտարարութիւնները կ'ենթադրէ, որ վերջինիս կարծիքով, Սուրիոյ ճգնաժամի լուծումը կրնայ առիթ հանդիսանալ, որ իրանեան ուժերը լքեն Սուրիան:

Օքալ նկատել տուած է, որ Իսրայէլ պէտք է զանազանէ Սուրիոյ յարաբերութիւններուն միջեւ Իրանի եւ «Հըզպալլա»ի հետ, նշելով, որ Ասատ չ'անդրադառնար տարածաշրջանին մէջ «Հըզպալլա»ի գոյութեան:

Հակառակ անոր, որ Իսրայէլկը ցանկայ Սուրիոյ պատերազմի երկարաձգումն ու երկրի աւիրումը, սակայն ռուսական ու ամերիկեան ուժերը, ըստ Օքալի, համարեա' համաձայնութեան եկած են Տարաան եւ Քունայթիրան Սուրիոյ բանակի տիրապետութեան տակ անցնելու առումով: