image
Հրատապ լուրեր:

Հնչակեան Քսաններու նահատակութեան ոգեկոչում Պէյրութի մէջ

Հնչակեան Քսաններու նահատակութեան ոգեկոչում Պէյրութի մէջ

Նահատակութեան 103-ամեակ` յանուն հայ ժողովուրդին, 103 տարուան պայքար` յանուն արդարութեան եւ հայրենի հողի: Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը եւ համայն լիբանանահայութիւնը Շաբաթ, 16 Յունիսի երեկոյեան, ոգեկոչեցին Հնչակեան 20 անմահներու նահատակութեան 103-ամեակը, Նոր Հաճնոյ նախկին Սահակեանի շրջափակին մէջ կազմակերպուած հանդիսութեամբ մը: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Պէյրութի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Աշոտ Վարդանեանը, Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանը, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդի ներկայացուցիչ Տէր Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանը, ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ալեքսան Քէօշկէրեանը, ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Սեպուհ Գալփաքեանը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետի ներկայացուցիչ Վիգէն Թոսունեանը, Պէյրութի քաղաքապետութեան անդամ, ՀԿԲՄ-ի ատենապետ Արամ Մալեանը, ՀՄՄ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Միսաք Նաճարեանը, մշակութային, մարզական եւ ընկերային քոյր միութիւններու ատենապետներն ու անդամները, ինչպէս նաեւ հնչակեաններու եւ լիբանանահայերու հոծ բազմութիւն մը:

Ձեռնարկի պաշտօնական հիւրերն ու ներկաները կը հիւրընկալէին ՀՄՄի սկաուտները եւ փողերախումբի անդամները: Անոնք նաեւ հանդիսութեան սկիզբը նուագեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Հնչակեան կուսակցութեան քայլերգները, ինչպէս նաեւ սգոյ երաժշտութիւնը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիգրան Միհրանեան. ան նշեց, որ Հնչակեան Քսաններու յիշատակը ոգեկոչել կը նշանակէ Փարամազի եւ իր 19 ընկերներու խիզախ դիրքորոշումները ամրապնդել, հաւատարիմ մնալ Քսաններու ազգային գաղափարախօսութեան եւ ուխտել շարունակել երթը` անկախ եւ ընկերվարական Հայաստանի հաստատման ուղղութեամբ: ՙՓարամազի եւ անոր 19 ընկերներուն յեղափոխական սկըզբունքները եւ ուղեգիծը կը մնան այժմէական, որովհետեւ այսօր եւս կառչած կը մնանք հայ ազգը զօրացնող եւ ազգային արժանապատուութիւնը բարձր պահող բոլոր առաքինութեանց: Սիրենք եւ պաշտենք մեր հայրենիքը ո՛չ թէ խօսքով, այլ՝ գործով: Թող Քսանները մեզմէ իւրաքանչիւրին համար ըլլան յուշարարներ` զոհուելու, նուիրուելու եւ յանձնառու մնալու ընկերվարական գաղափարախօսութեան, կերտելու համար բոլորիս երազած Հայաստանը՚, ըսաւ Միհրանեան:

Ազգային յեղափոխական երգերով հանդէս եկաւ լիբանանահայ երգիչ Յովիկ Թաֆրանեան, ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի: ՙԿիլիկիա՚ գեղեցիկ պարը ներկայացուցին Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ՙԱրեգ՚ պարախումբի պարմանուհիները:

Օրուան պատգամը փոխանցեց ՍԴՀԿ Հայաստանի Քաղաքական Դիւանի անդամ Ռատիկ Կարապետեան: Ան խօսեցաւ Փարամազի մասին եւ յատկանշական համարեց անոր անցած ազգային-կուսակցական ուղին: Ան դիտել տուաւ, որ Քսաններու նահատակութիւնը կորուստ էր համայն հայութեան, ոչ միայն Հնչակեան կուսակցութեան համար: Ան յիշեցուց, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ 20-րդ դարու սկիզբը տեղի ունեցած յեղաշրջումէն ետք շատ մը հայ անհատներ եւ կառոյցներ մեծ յոյսեր կապած էին իշխանութեան հասած ուժին` Իթթիհատին, թէեւ Հնչակեան կուսակցութիւնը բազմիցս զգուշացուցած էր Իթթիհատին հաւատալու եւ անոր հետ համագործակցելու վտանգներուն մասին: ՙԸլլալով սեփական անձի նկատմամբ խստապահանջ իտէալիստ, Փարամազ իր ուսերուն կրած էր պայքարի ծանր բեռը: ՍԴՀԿ մարդիկները չէին կրնար անտեսել սեփական ժողովուրդին եւ ազգային շահերը վեր դասել մարդկային շահերէն: Իթթիհատականներուª հնչակեանութիւնը կլանելու փորձերը ձախողեցան: Մերժուեցան իշխանութեան հետ համագործակցելու առաջարկները: Հնչակեաններու ջանքերով հայ բնակիչները կը պատրաստուէին դիմագրաւել գալիք արհաւիրքը, որովհետեւ կար ինքնապաշտպանութեան անհրաժեշտութիւն՚, ըսաւ Ընկ. Կարապետեան: Ան յիշեցուց, որ Փարամազ պահանջած էր հայերու անկախութիւնը, որուն ճշմարտացիութիւնը հաստատուեցաւ պատմութեան կողմէ: ՙԱյսօր մեր քոյրերն ու եղբայրները Թուրքիոյ մէջ կþապրին վախով, որովհետեւ այնտեղ միայն հայ ըլլալը արդէն իսկ չգրուած յանցանք է՚, ըսաւ Ընկ. Կարապետեան: Ան յիշեցուց, որ Փարամազի եւ ընկերներու գաղափարախօսութիւնն էր ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի հաստատումը: ՙՄեր մարտիկները իրենց աչքին առջեւ ունէին Քսաններուն զոհողութիւնը: Թէեւ թուրքերուն յաջողուեցաւ սպանութիւններու միջոցաւ պայքարէն դուրս մղել արդարութեան եւ ազատութեան ջահակիրները, բայց արդարութեան կայծը քսան հազարներու սրտերուն մէջ բոցավառած էր՚, հաստատեց ընկերը: Ան նշեց, որ Հնչակեան կուսակցութիւնը ոչ մէկ ջանք խնայած է զօրակցելու հայրենիքի պետականութեան, ինչ որ ալ ըլլայ այնտեղ իշխող վարչակարգը: Ընկ. Կարապետեան դիտել տուաւ, որ բազմաթիւ ուժեր փորձեցին Հնչակեան կուսակցութեան անունը ջնջել պատմութեան էջերէն: ՙՄեր առաքելութիւնը չէ աւարտած: Հայաստանի փոքր անկախ մասնիկը կանգնած է փոփոխութիւններու սեմին: Հնչակեան կուսակցութիւնը ողջունելով տեղի ունեցող դրական որեւէ փոփոխութիւն, պարտականութիւն ունի դրական փոփոխութիւններու նախաձեռնողը, շարժառիթը եւ մասնիկը դառնալ, առանցքային դեր ստանձնել իր գաղափարներուն համապատասխան: Պատրաստակամութիւն ունենալով համագործակցիլ բոլոր կառուցողական ուժերու հետ, հնչակեանութիւնը պիտի չըլլայ որեւէ ուժի լծորդ կամ կամակատար, այլ ունի եւ պիտի ունենայ սեփական անկախ քաղաքականութիւնը, ըստ այնմ պիտի առնէ նպատակային կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ համագործակցութեան քայլեր, առանց խախտելու սեփական սկզբունքները եւ գաղափարախօսութիւնը՚, ըսաւ Ռատիկ Կարապետեան:

Հանդիսութեան աւարտին ազգային-յեղափոխական երգերով բեմ բարձրացաւ լիբանանահայ երգիչ Պերճ Նագգաշեան, որմէ ետք ՙՈւխտի Հրաւէր՚ը կատարեցին օրուան երկու երգիչները: Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինէն ետք, Յովիկ Թաֆրանեան եւ Պերճ Նագգաշեան շարունակեցին ազգային-յեղափոխական երգերու փառատօնը: