image

Կորիզային զէնքը նոյնքան վտանգաւոր է կիրառող կողմին համար. Գիտնականներ

Կորիզային զէնքը նոյնքան վտանգաւոր է կիրառող կողմին համար. Գիտնականներ

Գիտնականները առաջին անգամ ըլլալով զգուշացուցած են միջուկային յարձակման չափազանց խոշոր վտանգներէն, շեշտելով, որ այն ոչ միայն յարձակման թիրախին, այլեւ յարձակումը կիրառող կողմին համար կրնայ ողբերգական հետեւանքներ ունենալ, կը գրէ բրիտանական «Daily Mail» թերթը:

Գիտնականներուն համաձայն, միջուկային յարձակումը լաւագոյն պարագային միլիոնաւոր մարդոց մահուան պատճառ կրնայ դառնալ, որուն կը յաջորդէ համաշխարհային «միջուկային աշուն», այնուհետեւ համաշխարհային սով:

Աղբիւրը դիտել տուած է, որ միջուկային զէնքեր ունեցող երկիրներէն են ԱՄՆ, Ռուսիա, Բրիտանիա, Ֆրանսա, Չինաստան, Հնդկաստան, Փաքիստան, Իսրայէլ եւ Հիւսիսային Քորէա:

Գիտնականներուն գնահատմամբ, 100 միջուկային ռումբը կրնայ աւելի քան 30 միլիոն անձի մահուան պատճառ դառնալ:

Գիտնականները նաեւ ուսումնասիրած են ռումբերէն արձակուելիք ծուխի չափը, որուն հետեւանքով արեւըպիտի ծածկուի եւ ջերմաստիճանի կտրուկ անկում տեղի ունենայ: