image

Լիբանանի նոր կառավարութիւն.«Առիւծի բաժին»ը Աունականներո՞ւն

Լիբանանի նոր կառավարութիւն.«Առիւծի բաժին»ը Աունականներո՞ւն

Լիբանանի վարչապետ Հարիրիի եւ տեղական քաղաքական ուժերուն միջեւ կառավարութեան կազմը որոշելու շուրջ տեղի ունեցող բանակցութիւններու ծիրին մէջ, «Lebanon 24» լրատուական կայքը տեղեկութիւններ ձեռք բերած է, որ Ազատ ազգայնականներու շարժումը կը ձգտի բարելաւել իր վիճակը կառավարութեան կազմին մէջ, համեմատած նախորդ կազմին հետ:

Շրջանառուող լուրերուն համաձայն, Ազատ ազգայնականներու շարժումը կը ջանայ նորստեղծ կառավարութեան կազմին մէջ 8 նախարարներով հանդէս գալ, անկախ երկրի նախագահի բաժինէն:

Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ Ազատ ազգայնականները կը պահանջեն, որ նախագահին բաժինը կազմէ 5 նախարար, որոնցմէ մէկը՝ սուննի: