image
Հրատապ լուրեր:

Սէուտական Արաբիան օգնութեան հասաւ Յորդանանին .Պատճա՞ռը

Սէուտական Արաբիան օգնութեան հասաւ Յորդանանին .Պատճա՞ռը

Ամերիկեան «Wall Street Journal» թերթը յօդուած մը հրապարակած է Սէուտական Արաբիոյ եւ Քուէյթի կողմէ Յորդանանին խոստացուած օժանդակութիւններուն մասին:

Աղբիւրը յայտնած է, որ Մեքքայի գագաթնաժողովէն ետք Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Քուէյթ համատեղ յայտարարութեամբ հանդէս եկան, նշելով, որ 2,5 միլիառ տոլարի արժողութեամբ օժանդակութիւն պիտի տրամադրուի Յորդանանին, որ պիտի նպաստէ յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին երկրի տնտեսութեան եւ պիւտճէի բարգաւաճման:

Անդրադառնալով յիշեալ օժանդակութիւններու տրամադրման նպատակին, «Նամա» ռազմագիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն Ֆարէս Պրէզաթի կարծիք յայտնած է, որ Յորդանանի մէջ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերը կրնան իրենց բացասական ազդեցութիւնն ունենալ Սէուտական Արաբիոյ անվտանգութեան վրայ, եւ որովհետեւ վերջին օրերուն Յորդականի բնակչութիւնը տնտեսութեան ոլորտի մէջ կառավարութեան վարած քաղաքականութեան դէմ ըմբոստացաւ, հետեւաբար Սէուտական Արաբիա ստիպուած էր Յորդանանի տնտեսութեան նպաստող քայլի դիմել: