image

Լիբանանի լեռները քարտէզէն կ'անհետանան. Ռոպերթ Ֆիսքի ահազանգը

Լիբանանի լեռները քարտէզէն կ'անհետանան. Ռոպերթ Ֆիսքի ահազանգը

Բրիտանական «Independent» թերթը հրապարակած է լրագրող յօդուածագիր Ռոպերթ Ֆիսքի յօդուածը, զոր վերջինս վերնագրած է. «Լիբանանի լեռները քարտէզէն կը ջնջուին.. սակայն ո՞վ կը հետաքրքրուի»:

Յօդուածին մէջ Ֆիսք անդրադարձած է քարահանգերու կողմէ իրականացուող գործողութիւններու հետեւանքով Լիբանանի լեռներուն կրած վնասներուն, որոնք պատճառ կը դառնան երկրի անապատացման եւ աշխարհագրական փոփոխութիւններու ենթարկուելու:

Ֆիսք նշած է, որ Լիբանանի լեռնային շրջաններուն մէջ գործող աւելի քան 3000 քարահանգերու գործունէութեան ծիրին մէջ հարիւր հազարաւոր մշտադալար ծառեր հատուած են, կատարուածը «Լեռներու ջարդ» անուանելով:

Բնակիչներու փոխանցմամբ, քարահանգերու աշխատանքը իր բացասական ազդեցութիւնն ունեցած է նաեւ ջուրի աղբիւրներուն վրայ, որոնց մեծ մասը չորցած են, միւսերը՝ կեղտոտած:

Յօդուածագիրը շեշտած է, որ ծառերու հատման եւ այլ ապօրինի գործողութիւններու իրականացման համար հանգատէրերը արտօնութիւններ ստացած են նախկին վարչակարգերու նախարարներէ, այդ թուին՝ Բնապահպանութեան, Ներքին գործոց, Արդիւնաբերութեան նախարարներէն եւ տեղական կառավարման մարմիններէն:

Յօդուածի աւարտին Ֆիսք շեշտած է, որ միակ անձը, որ կրնայ տեղի ունեցող աւերածութեան վերջ տալ, վարչապետ Սաատ Հարիրիի է, եւ եթէ վերջինս յաջողի նման ծրագիր նախաձեռնել, ան Լիբանանի պատմութեան հզօրագոյն վարչապետը պիտի համարուի: