image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպէն ... Գերմանիա հայ երիտասարդին ապրած ոդիսականը

Հալէպէն ... Գերմանիա հայ երիտասարդին ապրած ոդիսականը

«Արեւելք»ի զրուցակիցն է Սուրիոյ պատերազմի հետեւանքով դժուարին պայմաններու տակ Հալէպէն Գերմանիա ճամբորդած հալէպահայ երիտասարդ Ներսէս Թաշճեանը:


-Երբուընէ՞ Գերմանիա հաստատուած էք, ինչպէ՞ս եղաւ ձեր Սուրիայէն դուրս գալը եւ Գերմանիա հասնիլը, կը պատմէ՞ք այդ մասին:

Ես արդէն մօտ երկուք ու կէս տարի է Գերմանիա կ'ապրիմ, սակայն Սուրիայէն 2013-ին դուրս եկած եմ: Այդ օրերուն Հալէպի մէջ շատ ծանր վիճակ կը տիրէր, մէկ կողմէն հրթիռները, միւս կողմէն կենցաղային պայմաններու բացակայութիւնը, սղաճը եւ գործ չըլլալը ստիպեցին որ գաղթելու որոշում կայացնենք: Ես ու մայրս էինք, այդ ժամանակ Հալէպէն դուրս գալու մէկ ճանապարհ կը գործէր, որ սակայն շատ երկար էր եւ՝ վտանգաւոր, նախքան ճամբայ ելլելնիս, լսեցինք որ այդ նոյն ճանապարհէն անցնող հանրակառքին վրայ կրակ բացած են եւ մարդիկ մեռած են, այդպէս վախը մէջերնիս առինք այդ քայլը եւ հասանք Հայաստան: Իսկ Գերմանիա անցնիլս շատ պատահական եղաւ, նախօրօք նման մտադրութիւն չունէի, ընկերոջ մը հետ կէս կատակ սկսած զրոյցը լրջացաւ եւ որշեցինք երթալ, մայրս սկիզբը դէմ էր, որովհետեւ ծովու ճամբով պիտի երթայինք եւ սուրիացի փախստականներու  նաւեր ընկղմելու շատ միջադէպեր պատահած էին: Իմ առած նաւուս հետ ալ դէպք մը պատահեցաւ, Թուրքիայէն փոքր՝ 15 հոգանոց նաւով մը Յունաստան պիտի անցնէինք, սակայն նաւին մէջ 40-է աւելի մարդ կար, երբ ծովու մէջտեղը հասած էինք, յանկարծ նաւը կեցաւ, մօտ երկու ժամ այդպէս մնացինք, վախը շատ մեծ էր, վարկեան մը մտածեցիք որ մեր լսած պատմութիւններուն ճակատագրին պիտի արժանանանք, սակայն վերջը նաւուն շարժիչը դարձեալ աշխատեցաւ եւ երկար շունչ մը առինք, ցամաք հասնելէ ետք քալելով քաղաքէ քաղաք անցանք, որոշ տեղեր պանդոկ իջեւանեցինք,  որոշ տեղեր փողոցը գիշերեցինք եւ այսպէս մէկ շաբթուան ճանապարհ կտրելով հասանք Գերմանիա: Մէկ  խօսքով   մեզի համար  Գերմանիա  հասնիլը  մեծ ոդիսական  եղաւ։


-Ինչպէս գիտենք Սուրիայն դուրս գալու սկզբնական շրջանին Հայաստան հաստատուած էիք, ինչո՞ւ չուզեցիք կամ չյաջողեցաւ հայրենքի մէջ հաստատուիլը:

Ճիշդը իմ մանկութեան երազս էր հայրենիքը տեսնել, Հայաստան երթալ եւ հոն ապրիլ, պատերազմի ժամանակ ալ մեծ յոյսերով այդ քայլը առի եւ որոշած էի հոն հաստատուիլ, ատամնաշարութիւն ուսանիլ, նոյնիսկ համալսարան ընդունուեցայ, բայց ես բոլոր սուրիահայերուն նման ստիպուած էի ուսմանս կողքին աշխատանք ալ ունենալ, ինչը շատ դժուար եղաւ, շատ գործերու դիմեցի բայց երկար ժամ աշխատանքի դիմաց  շատ չնչին գումար կը վճարէին, շրջան մը համալսարանէն դուրս եկայ եւ որոշեցի միայն գործով զբաղուիլ, սակայն այդ ալ բաւարար չէր, մինչեւ որ ստիպուեցայ համոզուիլ որ Հայաստանի մէջ դժուար է ապրիլ եւ Լիբանան անցայ, ուր գործի պայմանները համեմատաբար աւելի լաւ էին:


-Գերմանիոյ  մէջ ինչո՞վ կը զբաղուիս, այնտեղ ապագայի հանդէպ յոյսերը մե՞ծ են:

Ինչպէս ըսի, ես երկուք ու կէս տարի է որ Գերմանիա կը գտնուիմ, սկզբնական շրջանին շատ դժուար էր, շատ անգամ ընտանիքիս կը զանգէի եւ կ'ըսէի կ'ուզեմ վերադառնալ, մայրս ինծի կը համոզէր, կ'սէր համբերէ եւ յոյս կու տար որ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ, կ'ըսէր այդքան դժուարութիւններ անցուցիր, քիչ մըն ալ դիմացիր եւայլն, հակառակ որ գիտէի սրտին մէջէն տխուր էր, որովհետեւ առանձին մնացած էր: Անշուշտ հիմնական դժուարութիւնը լեզուի հարցն էր եւ իմ Գերմանիոյ մասին ոչինչ իմանալս, մինչեւ այստեղ գալս ես Գերմանիոյ մասին դրօշի գոյնէն եւ ֆութպոլի խումբէն բացի ուրիշ բան չէի գիտեր, թուղթերս ընելու համար ուր որ կը դիմէի բան չէի հասկնար, չէի կրնար առաջ շարժիլ, այդ պատճառով շատ մինակ եւ օտար կը զգայի, բայց հիմա արդէն լեզուին բաւական տիրապետած եմ, կը հասկնամ եւ սկսայ սիրել քաղաքը, կառավարութիւնը շատ առիթներ կու տայ եւ ես կ'ուզեմ լաւապէս օգտուիլ այդ առիթներէն եւ լաւ ապագայ ունենալ այստեղ:


-Գերմանիոյ մէջ սուրիահայերու վիճակը ինչպիսի՞ն է, մեծ թիւով սուրիահայեր կա՞ն, ինչո՞վ կը զբաղուի՞ն, գո՞հ են, ի՞նչ կրնաս ըսել այդ մասին:

Չեմ կրնար ճշգրիտ տեղեկութիւն տալ այդ մասին, որովհետեւ ես փոքր քաղաքի մը մէջ կ'ապրիմ, հայերու չեմ հանդիպած այստեղ, բայց իմ ապրած շրջանին մօտ գտնուող քաղաքներուն մէջ կան հայ ընտանիքներ, որոնցմէ ամէն մէկուն պարագան տարբեր է, շատեր ընտելացած են, աշխատանք ունին կամ համալսարան կ'երթան եւ շատ ուրախ եւ գոհ են, ոմանք ալ կ'ըսեն հազիւ Հալէպ լաւանայ, պիտի վերադառնանք, այստեղ մնացողը չենք: Ինչպէս ըսի՝ ամէնէն մեծ դժուարութիւնը լեզուն է, այնքան ժամանակ որ լեզուին չես տիրապետեր գործ չես կրնար գտնել եւ գերմաներէնը շատ դժուար լեզու է, շատեր կան մէկ-երկու տարի համբերելէ ետք չկրցան համակերպիլ եւ Սուրիա դարձան:


-Հիմա որ Հալէպ համեմատաբար խաղաղ է, կը մտածե՞ս Հալէպ վերադարձի մասին:

Հալէպ վերադարձի մասին անկեղծօրէն չեմ մտածեր, որովհետեւ հոս արդէն վարժուեցայ եւ գոհ եմ, չեմ ուզեր կեանքս տեղափոխութիւններով անցնել եւ միշտ զէրոյէն սկսիլ: Եւ կրնամ ըսել՝ կարծես քիչ մըն ալ սկսած եմ սիրել այստեղի կեանքը, ազատութիւինը, մարդիկ ուրիշի կեանքին չեմ միջամտեր, երկրի օրէնքները նոյնպէս տարբեր են Հալէպէն, չեմ կարծեր որ ասկէ ետք կրնամ ետ Հալէպի ապրելակերպին դառնալ: Սակայն այնուամենայնիւ Հալէպի հանդէպ կարօտը միշտ կայ, հարազատներս, ընկերներս, թաղս, ուր ամբողջ մանկութիւնս անցուցած եմ, մօրս մօրաքոյրը, որուն ես ալ մօրքուր կ'ըսէի, մեր թաղը կ'ապրէր, միշտ իրեն կ'այցելէի, խրատներ կու տար, այդ պահերը շատ հաճելի էին, միշտ կը փնտռեմ: Կը կարօտնամ պարախումբս, որուն մէջ 10 տարիէ աւելի պարած եմ, որուն հետ տարբեր երկիրներու մէջ ելոյթներու մասնակցած եմ, մանաւանդ Հալէպի հայկական ելոյթները շատ կը կարօտնամ, տարբեր էին, բեմ կը բարձրանայինք եւ կը տեսնէինք այդ ժողովուրդը, որ մեզի դիտելու եկած է, այդ ծափահարութիւնները մեզի մեծ պարծանք էին, այդ օրերը եւս շատ կը փնտռեմ, միշտ նկարները կը դիտեմ կ'ըսեմ երանի ետ գան այդ օրերը, շատ հաճելի յիշատակներ են, որոնք երբեք չեն մոռցուիր: