image

Լիբանանեան 3 դրամատուներ «Սեւ ցուցակ»ի մէ՞ջ

Լիբանանեան 3 դրամատուներ «Սեւ ցուցակ»ի  մէ՞ջ

Լիբանանեան «Ալ Լիուաա» թերթին մէջ յօդուած մը լոյս տեսած է, ուր յօդուածագիր Մանալ Զհէյթար կ'անդրադառնայ Նէպիհ Պըրրին խորհրդարանի նախագահ ընտրելուն յաջորդելիք դէպքերուն:

Ըստ տարածուած կարծիքի, Պըրրիի ընտրութեան նախորդած են շարք մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քանի մը կէտերէ բաղկացած օրակարգ մշակուած է.

Նախ որոշուած է 30 նախարաներէ բաղկացած ընդարձակ կառավարութիւն մը հիմնել: Որոշում առնուած է նաեւ Պաշտպանութեան եւ Արտաքին գործոց նախարարութիւնները պահել «Ալ Հուրր» շարժման ձեռքը, իսկ շիիթ շարժումներուն Ելեւմուտի նախարարութեան կողքին յանձնել Ուժանիւթի կամ Արդատադատութեան նախարարութիւնը, մինչդեռ Ներքին գործոց եւ Կապի նախարարութիւնները բաժին պիտի հասնին «Ալ Մուսթաքպալ»ին:

Սակայն, յօդուածագիրին կարծիքով, կառավարութեան կազմին ու բաշխման առումով թէ' ներքին, թէ' արտաքին ուժերու համաձայնութեան գալ չի նշանակեր, որ «Հըզպալլա»ին առիթ պիտի ընծայուի անկաշկանդ կերպով գործելու նորակազմ կառավարութեան մէջ:

Այս առթիւ թերթը կարծիք կը յայտնէ, թէ վերջին օրերուն «Հըզպալլա»ի որոշ ղեկավարներու դէմ ԱՄՆ-ի կողմ պատժամիջոցներու սահմանումը թէեւ այնքան ալ ազդեցիկ նշանակութիւն չունէր, սակայն այդ քայլը թաքնուած նամակ էր Հարիրիին եւ երկրի նախագահին, որպէսզի վերջիններս խուսափին «Հըզպալլա»ի բոլոր ցանկութիւնները կատարելէ:

Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, ԱՄՆ կը պատրաստուի երեք լիբանանեան դրամատուներ ընդգրկել ահաբեկչութեան ցուցակին մէջ, նպատակ ունենալով շիիթ գործարարներու գործունէութիւնը կաշկանդել եւ սահմանափակել անոնց ազատ գործունէութիւնը էն երկրէն ներս:

Թերթին հաաստմամբ, վերջերս «Հըզպալլա»ի մօտիկ դրամատուներէն մէկը շիիթ գործարարներուն խորհուրդ տուած է իրենց գումարները հեռացնել լիբանանեան դրամատուներէ, խուսափելով հաւանական պատժամիջոցներու ոչ ցանկալի արդիւնքներէն: