image
Հրատապ լուրեր:

Միջին Արեւելք օրհասական վիճակի մէջ է. Ամերիկացի դիւանագէտ

Միջին Արեւելք օրհասական վիճակի մէջ է. Ամերիկացի դիւանագէտ

ԱՄՆ նախկին նախագահի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական Տենիս Ռոս զգուշացուցած է ԱՄՆ նախագահ Թրամբի կողմէ միջուկային համաձայնագիրի չեղարկումէն եւ Իսրայէլի մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւնը Երուսաղէմ տեղափոխելէն ետք «Միջին Արեւելքի բռնկման հաւանականութենէն»:

Ռոս իր յօդուածին մէջ դիտել տուած է, որ վերջին տարիներուն, թէ' Օպամա, թէ' Թրամբ Միջին Արեւելքի մէջ բացառապէս գործած են «Իսլամական Պետոթիւն»ը վերացնելու ուղղութեամբ, մինչդեռ Իրան ձգտած է իր ազդեցութիւնը հզօրացնել տարածաշրջանին մէջ:

Ռոսի կարծիքով, վերջին օրերուն Սուրիոյ հողերուն վրայ տեղի ունեցող իսրայէլա-իրանեան հակամարտութիւնը կ'ապացուցէ, որ Իրան անտարբեր է Իսրայէլի հետ հակամարտութիւնը չբորբոքելու նկատմամբ, այլ մասնաւորապէս կը միտի տարածաշրջանին մէջ առաւել ազդեցիկ ուժ դառնալ:

Ռոս համոզմունք յայտնած է, որ Իսրայէլ թոյլ պիտի չտայ, որ Իրան Սուրիոյ մէջ այնքան զօրանայ, որքան հզօրացած է այսօր Լիբանանի մէջ, որուն արդիւնքով «Հըզպալլա» 12 հազար հրթիռի կը տիրապետէ:

Ամերիկացի պաշտօնեային կայծիքով, Իսրայէլ յառաջիկային հարուած պիտի հասցնէ Իրանին, վնասելով մասնաւորապէս վերջինիս նաւթային կառոյցները, իսկ իր հերթին Իրան հակահարուած պիտի հասցնէ Սէուտական Արաբիոյ, կամ Արաբական Ծոցի երկիրներէն մէկուն:

Տենիս Ռոս այս առթիւ կոչ ուղղած է ամերիկեան կառավարութեան քայլեր ձեռնարկել, սահմանափակելու  համար Միջին Արեւելքի մէջ Իրանի, Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի ազատ գործունէութիւնը: