image

Իրան կը վերանայի Սուրիոյ նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը. «Հաարէթց»

Իրան կը վերանայի Սուրիոյ նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը. «Հաարէթց»

Իսրայէլեան «Հաարէթս» թերթը նկատել տուած է, որ օրերս Իրան զբաղ է միջուկային ծրագիրի շուրջ ԱՄՆ նախագահ Թրամբի որոշման հետեւանքները քննարկելով, անտեսելով Սուրիոյ մէջ իր ռազմական դիրքը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Յօդուածագիրը նշած է, որ վերջին օրերուն իրանեան քաղաքականութեան մէջ երկու դէպքերու խաչացեւում տեղի ունեցաւ: Անոնցմէ առաջինը Միացեալ Նահանգներու հրաժարումն էր միջուկային նախագիծէն, երկրորդը՝ Սուրիոյ մէջ Իսրայէլի հետ հարուածներու փոխանակումը:

Թերթին համաձայն, իսրայէլեան կողմը դէպքերը դրական կը գնահատէ, նկատի ունենալով իրանեան յարձակումները ձախողութեան մատնելն ու Սուրիոյ մէջ իրանեան ուժերուն հասցուած հարուածները:

Թերթին կարծիքով, յառաջիկային Իրան պիտի փոխէ իր քաղաքականութիւնը Սուրիոյ մէջ, որովհետեւ իւրաքանչիւր գործողութիւն պիտի դիտարկէ միջուկային ճգնաժամին վրայ ունեցած ազդեցութեան տեսանկիւնէ:

Միաժամանակ թերթը կարծիք յայտնած է, որ իսրայէլեան կողմի հարուածները վերջնականապէս պիտի չդադրեցնեն Սուրիոյ մէջ Իրանի գործողութիւնները, այլ վերջինս որոշ ժամանակ պիտի տրամադրէ մտածելու եւ իր գործողութիւնները վերածրագրաւորելու համար: