image

Սուրիոյ մասնատման վտանգը կրկին գլուխ կը բարձրացնէ

Սուրիոյ մասնատման վտանգը կրկին գլուխ կը բարձրացնէ

Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները ցոյց տուած են, որ ամերիկեան ուժերը մտադիր են իրենց գոյութիւնն ամրապնդել Արեւելեան Եփրատէն մինչեւ Ռաքքա, Իտլիպ եւ Հալէպ նահանգներ, բան մը, որ կը հակասէ նախագահ Թրամբի կողմէ բազմիցս հնչաց յայտարարութիւններուն, թէ ԱՄՆ ուժերը կը պատրաստուին ետ քաշուիլ սուրիական հողերէն:

«Lebanon 24» կայքը կը գրէ, որ ամերիկեան ուժերուն կողմէ  մեկնարկած են քրտաբնակ Մընպէճ քաղաքին մէջ ամերիկեան ռազմակայանի հիմնադրման աշխատանքները, նպատակ ունենալով Թուրքիոյ դիմաց ճանապարհը փակելով քաղաքը մեկուսացնել:

Ռազմակայանի հիմնադրման աշխատանքները իրականացուած են Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերու մասնակցութեամբ: Վերջինիս կառուցմամբ ԱՄՆ իր տիրապետութեան տակ պիտի վերցնէ ոչ հեռու անցեալին «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման տիրապետութեան տակ գտնուած շրջանները, ապահովելով վերջիններուս անհասանելի մնալը Սուրիոյ բանակին կամ թրքական ուժերուն համար:

Ռազմակայանի կառուցումը տեղի ունեցած է խիստ գաղտնի պամաններու մէջ, հակառակ այն փաստին, որ անցնող 3 ամիսներու ընթացքին ԱՄՆ բանակցութիւններ կը վարէր Թուրքիոյ հետ, բան մը, որ երեւան կը հանէ Միացեալ Նահանգներու թաքուն մտադրութիւնը, սուրիական հողերը մասնատելով միջազգային ուժերու միջեւ բաժնելու վերաբերեալ: