image

Ինչպիսին կրնայ ըլլալ Հայաստանի տնտեսական վիճակը իշխանափոխութենէն ետք. Forbes-ի անդրադարձը

Ինչպիսին կրնայ ըլլալ Հայաստանի տնտեսական վիճակը իշխանափոխութենէն ետք. Forbes-ի անդրադարձը

forbes.ru-ի յօդուածի մէջ ըսուած է թէ՝ եթէ Հայաստանը առաջիկայ տասնամեակի ընթացքին նոր զբօսաշրջային հատուած ստեղծէ, ապա կրնայ տնտեսական աճ արձանագրել:  

 

«Սեփականութեան իրաւունքի յուսալի պաշտպանութիւնը, դատարաններու յուսալի եւ արագ աշխատանքը այն ոլորտներն են, որոնք բարելաւում կը պահանջեն զարգացող տնտեսութիւններու մէջ: Էական բարեփոխումները, սակայն, բաւարար չեն տնտեսական աճի կայուն զարգացման համար», - գրած է յօդուածագիրը՝ նկատելով, որ առաջին տարիներուն տնտեսական աճը հիմնականին կապուած պէտք է ըլլայ ծառայութիւններու հետ:

 

«Հասարակ ծառայութիւններու մատչելիութիւնը կեանքը առաւել յարմարաւէտ կը դարձնէ, անոր կը նպաստեն նաեւ ինքնաշարժներու օգտագործումը, ժամանակակից ելեկտրոնային սարքերը, բուժական ծառայութիւնները:

 

Եւ որովհետեւ Հայաստանը նոու-հաուն չունի այդ բոլոր ապրանքներու եւ ծառայութիւններու արտադրութեան համար, ստիպուած է գնել միջազգային շուկայէն: Իսկ անոր համար Հայաստանը պէտք է սորվի եկամուտ ստանալ եւրոյով եւ տոլարով, այսինքն՝ արտահանել սեփական արտադրանքն ու ծառայութիւնները», - գրած է յօդուածի հեղինակը:

 

Ինչպէս յօդուածի մէջ նշուած է, 2016-ին Հայաստանը տնտեսական բարդութեան վարկանշային աղիւսակի վրայ գրաւած է 137-րդ տեղը, որ կը հաստատէ, թէ երկրի մէջ այնքան ալ մեծ չէ արդիւնաբերական նոու-հաուն:

 

«Զբօսաշրջութեան իւրայատկութիւնը որպէս արտահանման ոլորտի, այն է, որ  ի տարբերութիւն այլ արտահանուող ապրանքներու, պէտք չէ ոչ մէկ տեղ տեղափոխել. զբօսաշրջիկները իրենք կու գան: Հայաստան անոնք կու գան այն ժամանակ, երբ հասկնան, որ կրնան մատչելի գիներով թռչիլ դէպի Երեւան, արագ անցնիլ անձնագրային ստուգումէ յարմարաւէտ եւ ժամանակակից օդակայանի մէջ, արագ հասնիլ հիւրանոց Սեւանա լիճի ափին, ուր երկու շաբթուան ընթացքին կը կարողանան լաւ հիւրանոցային եւ լողափային սպասարկում ստանալ: Եւ այդ ամէնը աւելի քիչ գումարով, քան նմանօրինակ հանգիստը Թուրքիոյ, Պուլղարիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ», - ըսուած է վերլուծական յօդուածի մէջ: