image

«Ես դիմած եմ Քնէսէթին». Իսրայէլի կրթութեան նախարարի կոչը

«Ես  դիմած  եմ Քնէսէթին». Իսրայէլի կրթութեան նախարարի  կոչը

«Ես դիմած եմ Քնէսէթի նախագահին Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը Իսրայէլի կողմէն օրինականացնելու համար», - ըսած է Պէննէթը:

 

Ան նշած է, որ 2016 թուականին Էրտողանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու մասին համաձայնագիրը սխալ էր եւ տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ արժած է՝ աւելցնելով, որ ինքը դէմ է այդ «ամօթալի համաձայնութեան» քուէարկութեան:

 

Նախարարը Իսրայէլի քաղաքացիներուն առաջարկած է հրաժարիլ Թուրքիա մեկնելէ, ինչպէս նաեւ խնդրած է վարչապետէն, որ կառավարութեան մէջ քննարկէ Սուրիոյ մէջ քրտական փոքրամասնութեան իրաւունքներու ճանաչումը: