image

Ամերիկեան մասնայատուկ ուժեր դէպի Միջին Արեւելք. Նպատակը դեսպանատուներու պաշտպանութիւնն է

Ամերիկեան մասնայատուկ   ուժեր դէպի  Միջին Արեւելք. Նպատակը   դեսպանատուներու  պաշտպանութիւնն է

Ամերիկեան «Newsweek» շաբաթաթերթը յայտնած է, որ ամերիկեան ուժեր ուղարկուած են Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներ, այնտեղ գտնուող ԱՄՆ դեսպանութիւններու անվտանգութիւնն ապահովելու նպատակով, նկատի ունենալով ԱՄՆ դեսպանութիւնը Երուսաղէմ տեղափոխելէն ետք ծայր առած բողոքի ալիքները:

 

Թերթը նշած է, որ Միջին Արեւելք ուղարկուած ուժերը մասնաւորապէս պատրաստուած են դեսպանութիւններու անվտանգութիւնն ապահովելու համար, եւ պիտի ուղղուին մասնաւորապէս Յորդանանի, Լիբանանի եւ Եգիպտոսի մօտ ԱՄՆ դեսպանութիւններ:

 

Այս առթիւ քաղաքական վերլուծաբաններ կարծիք յայտնած են, թէ վերջին իրադարձութիւնները կրնան պատճառ հանդիսանալ տարբեր երկիրներու մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւններու եւ դիւանագիտական պատուիրակութիւններու թիրախաւորման: