image

Լիբանանի օդակայանը կրնայ անդամալուծուիլ.Al Jadeed

Լիբանանի  օդակայանը   կրնայ  անդամալուծուիլ.Al Jadeed

Լիբանանի Օդային հսկիչներու յանձնաժողովը յայտարարած է, որ այսօր առաւօտեան ժամը 9-էն մինչեւ 10 պիտի դադրեցուի Պէյրութի օդակայանէն թռիչք առնող եւ այնտեղ վայրէջք կատարող օդանաւերու սպասարկումը, բացառութեամբ պետական եւ արտակարգ իրավիճակներու օդանաւերէն:

 

Նման քայլի պատճառը, ըստ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին, իրաւասու մարմիններու կողմէ հսկիչներու աշխատավարձերու եւ աստիճաններու բարձրացման պահանջի անտեսումն է, ինչպէս նաեւ նոր աշխատուժի անհրաժեշտութեան վերաբերեալ վերջիններուս կոչը:

 

Յանձնաժողովի անդամները շեշտած են, որ նման քայլի դիմած են պարտադրաբար, որովհետեւ բաւարար ժամանակ չունին կառավարութեան հետ բանակցութիւններ եւ երկխօսութիւն իրականացնելու, նկատի ունենալով, որ ընթացիկ ամսուան աւարտին շարք մը մասնագէտներու հետ կնքուած պայմանագիրներու ժամկէտները կը լրանան, իսկ նոր մասնագէտներու հետ պայմանագիրներ չկնքելու պարագային, օդագնացութեան ոլորտն զգալի վնասներ պիտի կրէ: