Քիչ առաջ իր աւարտին հասաւ երկար ժամանակէ սպասուած ՀՄԸՄ-Ռիտաի պասքեթպոլի աւարտական խաղը եւ Ռիատի խումբը Լիբանանի ՀՄԸՄ ակումբին առջեւ տեղի տալով հայկական ակումբը ստանձնեց տարեշրջանի ախոյեանի տիտղոսը:
Նշենք, որ Անթիլիասի ՀՄԸՄ-ի մարզամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած խաղը աւարտեցաւ 74-59 արդիւնքով:
Ի դէպ Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրէն ներս այս առաջին անգամն է, որ աւարտակն մրցումները այս օրինաչափութեամբ կը կատարուին եւ այս 7-րդ ճակատումն էր, որ տեղի կ'ունենար խումբերուն միջեւ ու մնացեալ բոլոր 6 խաղերու հանրագումարը աւարտած էր հաւասար արդիւնքներով: